Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տեղի Ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի Եւ Ճէյհուն Պայրամովի Հեռախօսազրոյցը

Տեղի Ունեցած է Արարատ Միրզոյեանի, Էնթընի Պլինքընի Եւ Ճէյհուն Պայրամովի Հեռախօսազրոյցը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 4-ին, ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ԱՄՆ արտաքին գործերու նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հեռախօսազրոյցը:

Կողմերն իրենց կարծիքները ներկայացուցած են Հոկտեմբեր 2-ին Ժընեւի մէջ կայացած հանդիպման վերաբերեալ:

Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զինուած ուժերու դուրսբերման, Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու շուտափոյթ հայրենադարձման ու զինադադարի անվերապահ պահպանման անհրաժեշտութիւնը: Շեշտուած է ուժի կամ ուժի կիրառման սպառնալիքի միջոցով խնդիրներու կարգաւորման անընդունելիութիւնը:

Նոր յասրձակումներու կանխարգիլման ծիրին մէջ ընդգծուած է սահմանային իրավիճակի մշտադիտարկման եւ վերահսկման միջազգային մեխանիզմներու ներդրման կարեւորութիւնը:

Հեռախօսազանգի ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի մշակման ու Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու մեխանիզմի ստեղծման վերաբերեալ:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակելու քննարկումները` ուղղուած Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատման:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment