Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը Կոչ Ըրած Է Հետաքննելու Ատրպէյճանցի Զինուորներու Կողմէ Հայ Գերիները Մահապատիժի Ենթարկելը

ԱՄՆ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը Կոչ Ըրած Է Հետաքննելու Ատրպէյճանցի Զինուորներու Կողմէ Հայ Գերիները Մահապատիժի Ենթարկելը

by MassisPost

ԱՄՆ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան ներկայացուցիչ Նետ Փրայսը կոչ ըրած է լիարժէք եւ անաչառ հետաքննելու ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ հայ գերիները մահապատիժի ենթարկելը:

«Միացեալ Նահանգները խորապէս անհանգստացած է վերջին հաղորդագրութիւններէն այն մասին, որ ատրպէյճանցի զինուորները մահապատիժի կ’ենթարկեն անզէն հայ գերիները: Մենք լիարժէք եւ անաչառ հետաքննութիւն կայացնելու կոչ կ’ընենք: Իւրաքանչիւր գազանութեան պատասխանատուները պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին», Թուիթըրի իր էջով գրած է Փրայս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment