Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՔՊ-ն ԿԸՅ Նախագահի Պաշտօնին Առաջադրած Է Վահագն Յովակիմեանի Թեկնածութիւնը

ՔՊ-ն ԿԸՅ Նախագահի Պաշտօնին Առաջադրած Է Վահագն Յովակիմեանի Թեկնածութիւնը

by MassisPost

ՀՀ Ազգային Ժողովի «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնին առաջադրած է պատգամաւոր Վահագն Յովակիմեանի թեկնածութիւնը:

Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով յայտնած է Վահագն Յովակիմեանը:

«ՀՀ Սահմանադրութեան 195-րդ յօդուածի 5-րդ մասի համաձայն ՀՀ ԿԸՅ անդամներն իրենց լիազօրութիւններն իրականացնելիս չեն կարող լինել որեւէ կուսակցութեան անդամ կամ որեւէ այլ կերպ զբաղուել քաղաքական գործունէութեամբ: Ըստ այդմ, տեղեկացնում եմ, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսածցութեանն, ի դէմս վարչութեան նախագահ Սուրէն Պապիկեանի, դիմում եմ ներկայացրել կուսակցութեան անդամակցութիւնս դադարեցնելու մասին: Այսպիսով, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեանն անդամակցութիւնս այլեւս դադարեցուած է», նշած է Յովակիմեան:

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հոկտեմբեր 3-ին  ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին ներկայացուցած է ՀՀ Ազգային Ժողովի Պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահի տեղակալի պաշտօնէն եւ պատգամաւորի պաշտօնէն հրաժարականի դիմումները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment