Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ժընեւի Մէջ Կայացած Են Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարներուն Բանակցութիւնները

Ժընեւի Մէջ Կայացած Են Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարներուն Բանակցութիւնները

by MassisPost

Կիրակի երեկոյեան կայացած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարներուն բանակցութիւնները:

Նախօրէին Հայաստանի վարչապետը Հանրային հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած էր, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարները պաշտօնապէս պիտի սկսին խաղաղութեան պայմանագրի բնագրի քննարկումները: Հանդիպումը, ըստ էութեան, առաջին նման քննարկումն էր:

Հանդիպումէն յետոյ Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը յայտարարեց, որ Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմին դիրքորոշումը` Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական զօրքերու դուրսբերման եւ բոլոր հայ ռազմագերիներու անյապաղ ազատ արձակման վերաբերեալ: Կարեւորուած է սահմանային իրավիճակի վերահսկման միջազգային մեխանիզմներու ներդրումը:

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան` Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու իրականացուցած պատերազմական յանցագործութիւնները յստակ գնահատականի պէտք է արժանանան միջազգային ատեաններու կողմէ, իսկ յանցագործները` պատասխանատուութեան ենթարկուին:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրին, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքներու ապահովման վերաբերեալ, այդ շարքին` Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու մեխանիզմու ստեղծման միջոցով: Ինչպէս Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը ընդգծել, որ դրական գնահատուած է երկուստեք ըմբռնումը, որ տարածաշրջանային ճանապարհային ուղիները պիտի ապաշրջափակուին երկիրներու ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ:

Հանդիպումէն յետոյ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնն ալ յայտնեց, որ ատրպէյճանական կողմը առաջարկած է Հայաստանի հետ սահմանի սահմանազատման երկկողմ յանձնաժողովի յաջորդ նիստը տեղափոխել եւ աւելի շուտ կայացնել` Նոյեմբերի փոխարէն Հոկտեմբերին:

«Հաշուի առնելով չսահմանազատուած սահմանի լարուածութիւնը` Ատրպէյճանն առաջարկել է սահմանազատման հարցերով երկկողմ յանձնաժողովի յաջորդ նիստն անցկացնել ոչ թէ Նոյեմբերին, ինչպէս աւելի վաղ պայմանաւորուածութիւն էր ձեռք բերուել, այլ այս տարուայ Հոկտեմբերին», կ’ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի` Ճէյհուն Պայրամով ընդգծած է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման ու խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման ուղղուած ջանքերուն կարեւորութիւնը: Այս ծիրին մէջ Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարը մանրամասն հայկական կողմին ուշադրութիւնը հրաւիրած է Ատրպէյճանի առաջարկած հինգ սկզբունքներուն վրայ հիմնուած (խաղաղութեան) պայմանագրի տարրերը, կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Բացի անկէ, կը փոխանցուի, որ Պայրամով ընդգծած է «Ատրպէյճանի տարածքէն հայկական զինուած ուժերու ամբողջական դուրսբերման անհրաժեշտութիւնը` համաձայն Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու ստորագրած եռակողմ յայտարարութիւններուն, ճանապարհային ուղիներու բացումը հնարաւորինս սեղմ ժամկէտերու մէջ` փոխվարչապետներու նախագահութեամբ եռակողմ յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ ձեռք բերուած նախնական պայմանաւորուածութիւններու հիման վրայ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment