Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Պատրաստ Է Համագործակցելու Հայաստանի Հետ «Մեր Պետութիւններու Պաշտպանութեան Համար Ազդեցիկ Առաջնորդներու Պատրաստման Գործին Մէջ»

ԱՄՆ Պատրաստ Է Համագործակցելու Հայաստանի Հետ «Մեր Պետութիւններու Պաշտպանութեան Համար Ազդեցիկ Առաջնորդներու Պատրաստման Գործին Մէջ»

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները պատրաստ է համագործակցելու Հայաստանի հետ «մեր պետութիւններու պաշտպանութեան համար ազդեցիկ առաջնորդներու պատրաստման գործին մէջ», կը յայտնէ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւնը` տեղեկացնելով, որ օրերս Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնատար անձեր ՆԱԹՕ-ի ռազմական կրթութեան կատարելագործման ծրագրի (DEEP) ծիրին մէջ այցելած են Միացեալ Նահանգներու շարք մը ուսումնական հաստատութիւններ:

Ըստ դեսպանութեան` հայ պատուիրակները հանդիպած են իրենց գործընկերներուն հետ Վեսթ Փոյնթի ռազմական ակադեմիային, ԱՄՆ բանակի պատերազմի քոլեճին, Ազգային պաշտպանական համալսարանին եւ Ցամաքային ուժերու շտաբին մէջ, զրուցած են ընդունելութեան, համարկման, ակադեմական ծրագիրներու եւ ռազմական պատրաստութեան շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment