Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կը Քննարկուի ՀԱՊԿ Դիտորդները Օգտագործելու Հնարաւորութիւնը. Լաւրով

Կը Քննարկուի ՀԱՊԿ Դիտորդները Օգտագործելու Հնարաւորութիւնը. Լաւրով

by MassisPost

Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարած է, որ կը քննարկուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան դիտորդները օգտագործելու հնարաւորութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու համար:

«Հիմա կը քննարկուի Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան դիտորդներու օգտագործման հնարաւորութիւնը Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ ­Ռուսիոյ ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններու իրականացման բարենպաստ պայմաններ ստեղծելուն նպաստելու համար: Մասնաւորապէս, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու սահմանազատման եւ ընդհանուր առմամբ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը, ներառեալ` համապատասխան պայմանագրի կնքումը», ըսած է Լաւրով:

Լաւրով նաեւ ընդգծած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան աջակցութեան կարեւորութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment