Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան Կարեւորած Է Միջազգային Դիտորդական Առաքելութեան Գործուղումը Ատրպէյճանական Բռնագրաւման Հետեւանքով Տուժած Շրջաններ

Նիկոլ Փաշինեան Կարեւորած Է Միջազգային Դիտորդական Առաքելութեան Գործուղումը Ատրպէյճանական Բռնագրաւման Հետեւանքով Տուժած Շրջաններ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Ֆրանսիայի Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպեր-Լիւք Տըւինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Փաշինեան ողջունած է պատուիրակութեան այցը Հայաստան եւ յիշեցուցած, որ Սեպտեմբեր 26-ին աշխատանքային այցով գտնուած է Ֆրանսա, ինչ որ երկկողմ առանձնայատուկ յարաբերութիւններու վկայութիւնն է:

Նիկոլ Փաշինեան յոյս յայտնած է, որ փոխայցելութիւններու աշխուժութիւնը պիտի նպաստէ հայ-ֆրանսական փոխգործակցութեան հետագայ զարգացման ու խորացման:

Վարչապետը կարեւորած է նաեւ միջխորհրդարանական սերտ շփումները, ինչ որ էական նշանակութիւն կ’ունենայ կառավարութիւններու միջեւ համագործակցութեան վրայ: Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով` այժմ կ’ապրինք աշխարհաքաղաքական դժուարին ժամանակներ, այս ծիրին մէջ, ան ընդգծած է երկկողմ սերտ եւ արդիւնաւէտ փոխյարաբերութիւններու պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Ժիլպեր-Լիւք Տըւինազ բարձր գնահատած է երկկողմ միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը եւ նշած, որ այցի ծիրին մէջ մանրամասն տեղեկատուութիւն ստացած են Ատրպէյճանի կողմէ ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ձեռնարկուած յարձակման հետեւանքներուն վերաբերեալ: Տըւինազ նշած է, որ ուշադրութեամբ հետեւած են Ֆրանսայի նախագահին եւ ՀՀ վարչապետին` Սեպտեմբեր 26-ի յայտարարութիւններուն եւ կարեւորած, որ ֆրանսական կողմը հասցէական նշած է յարձակում կիրառած կողմը:

Վարչապետը անդրադարձած է Էմանուէլ Մաքրոնի հետ քննարկումներուն եւ շեշտած է Ֆրանսայի առանցքային դերը` Հայաստանի նկատմամբ կիրառուած յարձակման հետեւանքներու յաղթահարման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է միջազգային դիտորդական առաքելութեան գործուղումը ատրպէյճանական բռնագրաւման հետեւանքով տուժած շրջաններ եւ սահմանային գօտի, ինչ որ պիտի օգնէ, որ միջազգային հանրութիւնը ուղիղ եւ ոչ թէ միջնորդաւորուած տեղեկութիւններ ստանայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment