Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Նախ Ներողութիւն Խնդրեցէք Հայերէն, Քիւրտերէն Եւ Ասորիներէն». Փայլանը` Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն

«Նախ Ներողութիւն Խնդրեցէք Հայերէն, Քիւրտերէն Եւ Ասորիներէն». Փայլանը` Թուրքիոյ Իշխանութիւններուն

by MassisPost

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան այցելած է Տիարպեքիր նահանգի Սուր շրջան, որ քանի մը տարի փակ եղած է` թուրք-քրտական բախումներուն հետեւանքով: Պատմական Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ կը գտնուի  Ս. Սարգիս հայկական կաթոլիկ եկեղեցին:

Ermenihaber-ի փոխանցմամբ` Փայլան նշած է, որ թէեւ Սուր շրջանը թուրք քրտական բախումներէն յետոյ աւերուած վիճակի մէջ է, բայց Թուրքիոյ Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը կը փափաքի Հոկտեմբերին միջոցառում այնտեղ կազմակերպել, որուն պիտի հրաւիրուին նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութենէն պատգամաւորները:

Դիմելով նախարարութեան` Փայլան նշած է.

«Սուր շրջանը աւերողները կ’ըսեն․ «Սուրը պիտի դարձնենք Թոլետօ (Սպանիոյ ամենայայտնի հանգստավայրերէն մէկը-Խմբ): Այսպէ՞ս Սուրը Թոլետօ պիտի դարձէք: Ի՞նչ ըրած էք, որ ինչ ալ ցոյց տաք: Փոխարէնը կառուցած էք անհասկանալի շէնքէր: Ըստ իս` ներկայացնելու փոխարէն պէտք է ամչնաք: Նախ ներողութիւն խնդրեցէք Տիարպեքիրի բնակիչներէն` հայերէն, քիւրտերէն եւ ասորիներէն»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ Տիարբեքիր քաղաքի պատմական Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ գտնուող Սբ. Սարգիս հայկական կաթոլիկ եկեղեցին յայտնուած է գանձ որոնողներու թիրախին: Բազմաթիւ դէպքեր եղած են երբ անոնք հանած են եկեղեցւոյ քարերը ու վաճառած, գանձ գտնելու յոյսով անցքեր բացած են պատերուն կամ հիմքերուն մօտ, ինչին հետեւանքով կիսաւեր եկեղեցին յայտնուած է ամբողջապէս ոչնչացման եզրին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment