Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զօրքերու Ետքաշումը Ելման Դիրքեր Խնդիրները Լուծելու Միակ Յուսալի Հիմքն Է. Հայաստանի Մէջ ՌԴ Դեսպան

Զօրքերու Ետքաշումը Ելման Դիրքեր Խնդիրները Լուծելու Միակ Յուսալի Հիմքն Է. Հայաստանի Մէջ ՌԴ Դեսպան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը այն կարծիքին է, որ զօրքերու ետքաշումը ելման դիրքեր միակ յուսալի հիմքը կրնայ ըլլալ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ խնդիրները լուծելու համար: Սերկէյ Քոփիրքինը նման կարծիք յայտնած է Գեղարքունիքի մարզի Սոթք համայնքին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին:

Ան նշեց, որ ռազմական բախումներու ճանապարհը չի կրնար յանգեցնել առկայ խնդիրներու լուծման: «Մենք կ’ելլենք անկէ, որ միայն քաղաքական, դիւանագիտական ջանքերը կրնան լուծման բերել», ըսաւ Քոփիրքին:

Ան յաւելեց, որ Ռուսիան իրմէ կախեալ ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի քաղաքական կարգաւորման գործընթացը, որ գործարկուած է 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, շարունակուի` չնայած բոլոր խնդիրներուն եւ հակասութիւններուն: «Մենք կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ, կողմերուն կ’աջակցինք ընդհանուր մօտեցումներու հասնելու հարցով: Այդ հեշտ չէ, մեծ ջանքեր կը պահանջէ, բայց մենք այդ ըրած ենք եւ մտադիր ենք ընել հետագային եւս», նշեց Ռուսիոյ դեսպանը:

Անդրադառնալով Հայաստանին Ռուսիայէն զէնք մատակարարելու հարցին, Քոփիրքինը ընդգծեց, որ  պատրաստ չէ մեկնաբանելու այդ թեման` հաշուի առնելով անոր զգայուն ըլլալը:  «Այդ պէտք է ընեն արհեստավարժները, բայց այդ ոլորտ է, որ մեր դաշնակցային յարաբերութիւններու մասն է», ըսաւ դեսպանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment