Home Uncategorized ԱՄՆ Ծերակոյտին Մէջ Բանաձեւ Ներկայացուած է Պաքուին Անվտանգային Աջակցութիւնը Դադրեցնելու Հարցով

ԱՄՆ Ծերակոյտին Մէջ Բանաձեւ Ներկայացուած է Պաքուին Անվտանգային Աջակցութիւնը Դադրեցնելու Հարցով

by MassisPost

ԱՄՆ Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու Յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես յանձնաժողովի մէկ այլ անդամ ծերակուտական Մարքօ Ռուպիոյի հետ միասին ներկայացուցած է երկկուսակցական համատեղ բանաձեւ, որով կոչ կը կատարուի դադրեցնել անվտանգային աջակցութիւնը Ալիեւի վարչակարգին եւ դատապարտել Պաքուի անօրինական ու չսադրուած յարձակումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին վրայ:

Բանաձեւին մէջ յատուկ կ’ընդգծուի Ազատութեան աջակցութեան ուխտի 907-րդ ուղղման կիրառման անհրաժեշտութիւնը, որով կ’արգիլուի ԱՄՆ աջակցութիւնը Ատրպէյճանին մինչեւ այն պահը, երբ Պաքուն դադրեցնի Հայաստանի ու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ յարձակողական ուժի եւ շրջափակման կիրառումը: Ի լրումն անոր` բանաձեւը նախագահ Ճօ Պայտընին կոչ կ’ընէ դիտարկելու՝ արդեօք ատրպէյճանցի պաշտօնեաները պէտք է պատժամիջոցներու ենթարկուին Մակնիթսքիի մարդու իրաւունքներու հաշուետուողականութեան ուխտին համաձայն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment