Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ֆրանսան Պահանջած Է, Որ Ատրպէյճանական Ուժերը Վերադառնան Ելման Դիրքեր. Մաքրոն

Ֆրանսան Պահանջած Է, Որ Ատրպէյճանական Ուժերը Վերադառնան Ելման Դիրքեր. Մաքրոն

by MassisPost

Նիկոլ Փաշինեան առաջարկած է Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի համար հիմք ընդունիլ 1991 թուականին ստորագրուած ԱՊՀ-ն կազմաւորելու մասին համաձայնագրի սահմանները:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ Փարիզի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետը ըսած է, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ սահմանները յստակ չըլլալու պնդումները անհիմն են, քանի որ երկու երկիրները 1991-ի Դեկտեմբեր 8-ին ստորագրած են ԱՊՀ-ն ստեղծելու համաձայնագիրը, ըստ որուն՝ նախկին Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններու վարչական սահմանները դարձած են պետական սահմաններ, եւ նշած է, որ այդ սահմաններուն վրայ հիմնուած կարելի է երթալ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման:

«Գալով երկարաժամկէտ լուծումներին, կարծում եմ` անհրաժեշտ է 1991 թուականի Դեկտեմբերի 8-ի համաձայնագրով վերահաստատուած սահմանների փոխադարձ ճանաչմամբ գնալ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրմանը», յայտարարած է Փաշինեաը:

Հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացման մասին վարչապետը նշած է, որ «Հայաստանը պատրաստ է տարածաշրջանի հաղորդակցութիւնների բացմանը եւ նոր կապերի կառուցմանը` համաձայն այն երկրների ազգային օրէնսդրութեան, որոնց տարածքով դրանք անցնում են»:

Լեռնային Ղարաբաղի մասին․ «Կարեւորում ենք նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորումը, որը կ’երաշխաւորի Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներն եւ անվտանգութիւնը: Կարծում եմ` Ատրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղ քննարկումների մեկնարկը կարող է օգտակար լինել: Այս ծիրին մէջ պիտի ընդգծեմ Ֆրանսայի դերը` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբի համանախագահող երկիր»:

Փաշինեան ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի յարձակման հետեւանքով Հայաստանի տարածքներ բռնագրաւուած են, տարածաշրջանին մէջ իրավիճակը լարուած կը մնայ, եւ յաւելած. «Միջազգային դիտորդական առաքելութեան գործուղումն ատրպէյճանական բռնագրաւման հետեւանքով տուժած շրջաններ եւ սահմանային գօտի կ’օգնի, որ միջազգային հանրութիւնն ուղիղ եւ ոչ թէ միջնորդաւորուած տեղեկութիւններ ստանայ»:

Ֆրանսայի նախագահը ըսած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին տեղի ունեցած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով կան բազմաթիւ զոհեր: Թիրախաւորուած է Հայաստանի տարածքը, աւերուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ:

«Հաշուի առնելով, որ կան գրաւուած դիրքեր` Ֆրանսան պահանջած է, որ ատրպէյճանական ուժերը վերադառնան ելման դիրքեր: Ես Սեպտեմբեր 14-ին ըսած եմ նախագահ Ալիեւին, որ սահմանի` սահմանագծուած չըլլալու փաստը չի կրնար արդարացնել որեւէ յառաջխաղացում միւս երկրի տարածք», ընդգծած է Մաքրոն` շարունակելով. «Չլուծուած բոլոր հարցերը, որոնք բազում են, պէտք է բացառապէս լուծուին բանակցութիւններու ճանապարհով: Բանակցութիւնները կը տարուին տարբեր ձեւաչափերով, մասնաւորապէս` Եւրոմիութեան հովանիին ներքոյ, եւ պէտք է զանոնք վերսկսիլ»:

«Ես չեմ մոռնար, որ ուղիղ երկու տարի առաջ` 2020-ի Սեպտեմբեր 27-ին սկսաւ սարսափելի պատերազմ, որ մահաբեր դարձաւ տարածաշրջանին համար: Այն փաստացի յանգեցուց նոր իրավիճակի` ընդլայնելով ռուսական բանակին ներկայութիւնը տարածաշրջանին մէջ: Եւ ես խստօրէն կը դատապարտեմ այն, ինչ տեղի ունեցած է վերջին օրերուն, եւ խաղաղութեան ու բանակցութիւնները վերսկսելու կոչ կ’ընեմ», ըսած է Մաքրոն` յաւելելով, թէ կը փափաքի ողջունել վարչապետ Փաշինեանի արիութիւնը, որ նոր մօտեցում առաջարկած է տարածաշրջանի ապագային վերաբերեալ:

Մաքրոն նշած է, որ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւ, որուն հետ կը պատրաստուէր մօտակայ ժամերուն զրուցել, նոյնպէս կը փափաքի վերջ դնել տարածաշրջանի անկայունութեան եւ գտնել լուծումներ: «Սակայն անհնարին է կառուցել խաղաղութիւն` ուժի գործադրման սպառնալիքի ներքոյ», շեշտած է Մաքրոն եւ նշած է, որ Ֆրանսան ամէն ինչ պիտի ընէ, որպէսզի Հարաւային Կովկասը դառնայ կայուն, յուսալի եւ բարգաւաճ տարածաշրջան:

Ֆրանսայի նախագահը յայտնած է, որ Փաշինեանի հետ առանձնազրոյցին անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման կարեւոր հարցին: Սա դժուար, բայց շատ անհրաժեշտ գործընթաց է եւ շատ էական է տարածաշրջանին համար, ընդգծած է Ֆրանսայի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment