Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քարտէզները Վերանայելու Քաղաքականութիւնը Պիտի Ձախողի. Յունաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարին Ուղերձը` Քարտէզները Վերասահմանել Փափաքողներուն

Քարտէզները Վերանայելու Քաղաքականութիւնը Պիտի Ձախողի. Յունաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարին Ուղերձը` Քարտէզները Վերասահմանել Փափաքողներուն

by MassisPost

Յունաստանի արտաքին գործերու նախարար Նիկոս Տենտիասը Երեւանի մէջ յստակ ուղերձ ուղարկեց այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէզները.  վերանայման քաղաքականութիւնը պիտի ձախողի: Տենտիաս այս մասին յայտարարեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ համատեղ մամուլի յայտարարութեան մէջ:

«Յունաստանը շատ անգամներ շեշտած է, որ կ’աջակցի բոլոր պետութիւններու ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան, եւ այդ, ի հարկէ, նաեւ կը վերաբերի մեր լաւ ընկեր Հայաստանին: Մենք կը հաւատանք սահմաններու անքակտելիութեան», ըսաւ Տենտիաս:

Ան նշեց այն հանգամանքը, որ քանի մը օր առաջ Հայաստանի տարածքը կը ռմբակոծուէր ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ: Ան Յունաստանի համերաշխութիւնը յայտնեց Հայաստանի ՀՀ կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

«Ես պիտի փափաքէի նաեւ յստակ ուղերձ ուղարկել այն երկիրներուն, որոնք կը փորձեն վերասահմանել քարտէզները: Եւ իմ ուղերձս հետեւեալն է` վերանայման քաղաքականութիւնները պիտի ձախողին: Ես պիտի նշեմ եւս այդպիսի ուժ մը` Թուրքիան, որ կը փորձէ օգտուիլ այս խառն իրավիճակէն, որպէսզի անյարգալից ըլլայ կայունութեան նկատմամբ: Մենք վկայ ենք նաեւ թրքական հռետորիկայի, թոյլ տուէք ըսել, որ Թուրքիան նաեւ դէմ էր այն բանին, որ Յունաստանը քանի մը պաշտպանական զէնքեր կ’ուղարկէ յունական Լեսպոս կղզի: Եւ այս կը կատարուի այն պայմաններուն մէջ, երբ  Յունաստանը կը գործէ իր պարտաւորութիւններու ծիրին մէջ, եւ այս պարտաւորութիւնները կը բխին Լօզանի համաձայնագրէն», ընդգծեց Յունաստանի արտաքին գործերու նախարարը` յաւելելով, որ Թուրքիան դէմ է, որովհետեւ Յունաստանը թոյլ չի տար, որ իր տարածքները անպաշտպան մնան:

Ըստ անոր` Թուրքիան այս պահուն կը սպառնայ պատերազմ սկսիլ Յունաստանի դէմ: Արտաքին գործերու նախարարը ընդգծեց, որ Յունաստանը պատրաստ է եւ կը փափաքի սկսիլ կառուցողական երկխօսութիւն Թուրքիոյ հետ` միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ, նաեւ պատրաստ է պաշտպանելու զայն ու իր իրաւունքները:

Արտաքին գործերու նախարարները Երեւանի մէջ քննարկած են նաեւ Կովկասի մէջ անվտանգութեան մարտահրաւէրը:

«Մեր դիրքորոշումը ԼՂ-ի վերաբերեալ կը մնայ անփոփոխ, մենք կ’աջակցինք խաղաղ, փոխադարձ ընդունելի լուծումներու հասնելուն` միջազգային իրաւունքի շրջանակներուն մէջ: Միջազգային իրաւունքը «սուրբ կտակարանն է» միջազգային յարաբերութիւններու եւ քաղաքականութեան համար: Այս տեսակէտէն մենք կ’ողջունենք նաեւ վարչապետ Փաշինեանի խիզախութիւնը, որ առաջարկած է նոր մօտեցում այս տարածաշրջանին մէջ նոր ապագայի համար», ըսաւ Յունաստանի արտքին գործերու նախարարը:

Սակայն ան ընդգծեց, որ լուծումները եւ խաղաղութիւնը չեն կրնար կառուցուիլ այն պայմաններուն մէջ, երբ կայ ուժի կիրառման սպառնալիք: Յունաստանը պիտի շարունակէ աջակցիլ երկկողմ բանակցութիւնները սկսելուն: Նիկոս Տենտիասը յաւելեց, որ կը հաւատան, որ մարդասիրական խնդիրները պէտք է լուծուին անյապաղ, մարդասիրական իրաւունքը պէտք է յարգուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment