Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Մասնակցած Է 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուածներուն Նուիրուած Յիշատակի Միջոցառումներուն

Արցախի Նախագահը Մասնակցած Է 44-Օրեայ Պատերազմին Նահատակուածներուն Նուիրուած Յիշատակի Միջոցառումներուն

by MassisPost

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Սեպտեմբեր 27-ին խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներու ուղեկցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի Ազատամարտիկներու անուան պուրակ, ուր ծաղիկներ խոնարհած է 44-օրեայ պատերազմին զոհուածներու յիշատակին տեղադրուած յուշատախտակին մօտ:

Այնուհետեւ նախագահը հոգեւոր դասին առաջնորդութեամբ Արցախի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Բակօ Սահակեանի, գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու պատասխանատուներուն հետ մասնակցած է օրուան խորհուրդով  կազմակերպուած խաչերթին:

Նախագահ Յարութիւնեանը Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիրին մէջ ներկայ գտնուած է 44-օրեայ պատերազմին  նուիրուած «Լուսոյ Խորան» խորագիրը կրող յուշակոթողի բացման ու օրհնութեան եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու հոգեհանգստեան կարգերուն, որմէ յետոյ զինուորական պանթէոնին մէջ ծաղիկներ խոնարհած է նահատակուած հերոսներու շիրիմներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment