Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ Ուղերձը Նոյնն Է` Ուաշինկթընը Կոչ Կ’ընէ Պաքուին՝ Զօրքերը Ելման Դիրքեր Վերադարձնելու. Փրայս

ԱՄՆ Ուղերձը Նոյնն Է` Ուաշինկթընը Կոչ Կ’ընէ Պաքուին՝ Զօրքերը Ելման Դիրքեր Վերադարձնելու. Փրայս

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու ուղերձը հայ-ատրպէյճանական սահմանին երկու շաբաթ առաջ սկիզբ առած բախումներուն առնչութեամբ կը մնայ նոյնը` Ուաշինկթընը կոչ կ’ընէ Պաքուին՝ զօրքերը ելման դիրքեր վերադարձնելու, նաեւ կոչ կ’ընէ կողմերուն` աշխատելբւ առկայ բոլոր խնդիրները լուծել խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով: Այս մասին յայտարարած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը` ճեպազրոյցի ժամանակ պատասխանելով Նիւ Եորքի մէջ անցեալ շաբաթ կայացած ԱՄՆ, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներու եռակողմ հանդիպման վերաբերող հարցին:

«Մենք կոչ կ’ընենք Ատրպէյճանին՝ զօրքերը ելման դիրքեր վերադարձնելու: Մենք կը յորդորենք դուրս բերել ռազմական ուժերը եւ աշխատիլ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ առկայ բոլոր խնդիրները լուծել խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով», յայտարարած է Փրայս` շարունակելով. «Ուժի կիրառումը ընդունելի ճանապարհ չէ: Մենք այդ պարզաբանած ենք մասնաւոր կերպով, մենք այդ նաեւ հրապարակայնօրէն ըսած ենք, եւ ուրախ ենք, որ մեր շարունակական ներգրաւուածութիւնը երկու երկիրներուն հետ, ներառեալ` բարձր մակարդակներ, ներառեալ` անցեալ շաբաթ Նիւ Եորքի մէջ, օգնեց դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, եւ մենք պիտի շարունակենք ներգրաւուած ըլլալ ու խրախուսել տեւական խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ աշխատանքը, քանի որ այս հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում»:

Փրայս ընդգծած է, որ ԱՄՆ պետական քարտուղարը կարեւորած է Նիւ Եորք եռակողմ հանդիպումը, եւ յոյս յայտնած է, որ երկխօսութիւնը յառաջիկային եւս պիտի շարունակուի: «Պետական քարտուղարը երկու ղեկավարներու հետ զրոյցներուն նշած է զինադադարի պահպանման կարեւորութիւնը, հանգստութիւն պահպանելու կարեւորութիւնը, ըսած է, որ մենք նուիրուած ենք կայուն զինադադարին եւ խաղաղ կարգաւորման: Մենք երկու արտաքին գործերու նախարարներու համար յստակացուցած ենք, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու», ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը:

Հարցին, թէ «պետական քարտուղարը անոնց յորդորեց կրկին հանդիպիլ մինչեւ ամսուան վերջ, Ձեր միտքին մէջ կա՞յ որեւէ յատուկ վայր կամ ամսաթիւ», Փրայս արձագանգած է, որ այդ երկու երկիրներուն որոշելիքը պիտի ըլլայ, ԱՄն կը կարծէ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ անմիջական ներգրաւուածութիւնը կը բխի երկու կողմերուն շահերէն:

«Մենք առաջարկած ենք օգնել` երկկողմ, եռակողմ, բազմակողմ [ձեւաչափերով], եւ ի հարկէ Եւրոմիութիւնը նոյնպէս կարեւոր դեր կը խաղայ», ըսած է Պետական Քարտուղարութեան խօսնակը` յաւելելով, որ Միացեալ Նահանգները կապի մէջ է ինչպէս հայաստանցի, այնպէս ալ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու հետ, եւ այդ պիտի շարունակուի:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment