Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ազգութեամբ Քիւրտ Չիչէքն Ու Եըլտրըմը Փետրուար 23-Էն Սկսեալ Ազատած Են Կալանքէ Եւ Ազատ Տեղաշարժի Իրաւունք Ունեցած Են

Ազգութեամբ Քիւրտ Չիչէքն Ու Եըլտրըմը Փետրուար 23-Էն Սկսեալ Ազատած Են Կալանքէ Եւ Ազատ Տեղաշարժի Իրաւունք Ունեցած Են

by MassisPost

Քիւրտ երկու անձեր  Թուրքիոյ արտայանձնելու թեման  որոշ շահագրգիռ խումբեր ուժերուն ներածին չափով  շահարկեցին` սպասարկելու համար իրենց քաղաքական, նեղ կլանային շահերը: Սակայն կը պարզուի, որ Հայաստանի կողմէ արտայանձնում ոչ միայն չէ եղած, այլեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ չկայ նման գործընթաց իրականացնելու իրաւական գործընթաց:

Civic.am-ի հետ զրոյցին  Աթիլլա Չիչէքի եւ Հիւսէյն Եըլտրըմի փաստաբան Դաւիթ Գասպարեանը նշեց, որ Չիչէքի ու Եըլտրըմի գործով  վերջին դատական նիստը կայացած է ս.թ. Փետրուար 23-ին, եւ սկսեալ այդ օրուընէ` վերոյիշեալ երկու ամբաստանեալները յայտնուած են ազատութեան մէջ, եղած են վերահսկողութեան տակ,  անոնց նկատմամբ  պատիժը  պայմանական կիրառուած է:   «Իսկ ինչ վերաբերում է արտայանձնման, ապա ասեմ, որ Թուրքիայի եւ Հայաստանի միջեւ համագործակցութեան կամ նման այլ փաստաթուղթ չկայ, որի հիման վրայ էլ կարող էին որեւէ կալանաւորի կամ դատապարտեալի արտայանձնել:  Յամենայնդէպս, ես նման պայմանագրից տեղեակ չեմ: Այսինքն` այդ պետութիւնը պէտք  է համարուի անձի պետութիւնը, չէ՞, որպէսզի արտայանձնեն, բայց այդ մարդիկ չեն համարում, որ Թուրքիան է  իրենց պետութիւնը: Իրենք իրենց Թուրքիայի քաղաքացի չեն համարում», նշեց փաստաբանը:

Իսկ  ինչպէ՞ս կրնային սոյն անձերը յայտնուիլ Թուրքիոյ մէջ:  «Կրկնում եմ` այդ մարդիկ եղել են  ազատ, ազատ տեղաշարժուելու իրաւունք են ունեցել, ինչպէս ՀՀ-ում գտնուող ոեւէ անձ», նշեց փաստաբանը եւ ի պատասխան հարցին` այս ընթացքին ազատութեան մէջ գտնուող իր պաշտպանեալներուն հետ կապ պահա՞ծ է, հետաքրքրուա՞ծ է անոնցմով,  արձագանգեց` ոչ, քանի որ թարգմանիչի միջոցով անոնց հետ շփումը հնարաւոր է:   «Որպէս փաստաբան` իրենց հետ  շփուել եմ թարգմանչի միջոցով: Ես ինձ թեթեւացած եմ զգացել, որ կարողացել եմ իմ մասնագիտական ծառայութիւնների միջոցով  նրանց օգնել, որպէսզի այդ  մարդիկ կալանքի տակ չլինեն», նշեց փաստաբանը:

Յիշեցնենք, որ վերոյիշեալ երկու անձերը կը մեղադրուին այն բանին համար, որ իրենք, չունենալով զէնք եւ ռազմամթերք ձեռք բերելու, պահելու, փոխադրելու իրաւունք, ինչպէս նաեւ զէնքի եւ ռազմամթերքի շրջանառութիւնը իրականացնելու թոյլտուութիւն, ապօրինի կերպով կրելով եւ փոխադրելով հրազէն հանդիսացող 2 հատ ինքնաձիգ, 1 հատ ատրճանակ, ռազմամթերք հանդիսացող 318 հատ փամփուշտ եւ 4 հատ նռնակ` 2021 թուականի Օգոստոս 16-ին անցած են Արաքս գետը ու ապօրինի հատած են ՀՀ պահպանուող պետական սահմանը, միաժամանակ իրենց հետ մաքսանենգութեամբ ՀՀ տեղափոխած են յիշեալ հրազէններն ու ռազմամթերքը:

Ի դէպ, փաստաբանը չէ բացառած, որ իր պաշտպանեալները սահմանը ինքնակամ անցած ըլլան եւ ինչպէս ՀՀ մտած էին, այդպէս ալ ապօրինի անցած ըլլան Թուրքիոյ Հանրապետութիւն: «Սա լոկ ենթադրութիւն է», նշած է փաստաբանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment