Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Կայացաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 22-րդ Համագումարի Բացումը

Երեւանի Մէջ Կայացաւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան 22-րդ Համագումարի Բացումը

by MassisPost

Շաբաթ, 24 Սեպտեմբեր 2022-ին, Երեւանի «Անի Փլազա» հիւրանոցին մէջ մեկնարկեց ՍԴՀԿ-ի 22-րդ համագումարը, ներկայութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին եւ անդամներուն, կուսակցութեան զանազան շրջաններու Վարիչ մարմիններու անդամներու եւ ներկայացուցիչներու, կուսակցական ընկերներու, Հայաստանի «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգսեանին, «Արդար Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Նորայր Նորիկեանին եւ Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութեան ատենապետ Տիգրան Խզմալեանին:

Նախքան համագումարի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, դահլիճի մուտքին կատարուեցաւ Հնչակեան կուսակցութեան արխիւներու ցուցահանդէս: Փաստավաւերագրական պաստառներ՝ 135-ամեայ կուսակցութեան պատմութենէն, որոնք բծախնդրօրէն հաւաքուած էին Ընկ. Տոքթ. Եղիկ Ճերեճեանի ջանքերով: Պատկերներով ներկայացուած էր ապստամբութեան խորհրդանշական սկիզբը, հնչակեան հերոսներն ու անոնց սխրագործութիւնները, անոնց քաղաքական գործունէութիւններէն պատառիկներ,  անմահ Քսաններու յիշատակի ոգեկոչման աֆիշներ:

Ռոմանոս Մելիքեանի անուան գոլեճի երգչախումբին կատարողութեամբ հնչեցին Հայաստանի եւ Հնչակեան կուսակցութեան քայլերգները:  Համագումարի բացման հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Ընկ. Ալեքսան Քէօշկէրեան: Ան ողջունեց ներկաները եւ նշեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը 135 տարի շարունակ եղած է ու կը մնայ  հայ ժողովուրդի կողքին եւ անոր կարմիր դրօշը ներկուած է ազգային ազատագրական պայքարի ուղիներուն վրայ ինկած հազարաւոր նահատակներու արեամբ: Ընկ. Քէօշկէրեան լուսարձակի տակ առաւ, որ Հնչակեան կուսակցութեան գոյութեան, յարատեւութեան եւ արդիականացման կարեւոր գրաւականներէն է երիտասարդներուն մասնակցութիւնը: Արդարեւ, հնչակեան երիտասարդութեան հաւատարմութեան եւ յանձնառութեան խօսքը փոխանցելու համար բեմ հրաւիրեց Ընկ. Տիգրան Միհրանեանը:

Լիբանանի Տխրունի Ուս.-Երիտ. Միութեան ատենապետ Ընկ. Տիգրան Միհրանեան մեծ պատիւ համարեց հայրենի հողին վրայ մասնակցիլ Հնչակեան կուսակցութեան 22-րդ համագումարին եւ համայն հնչակեան երիտասարդական կազմակերպութիւններուն անունով խօսք փոխանցել: «Որպէս հնչակեան երիտասարդութիւն այսօր ուխտի վերանորոգման օր է. այն ուխտը, որ 135 տարիներ առաջ ուխտեցին մեր հիմնադիրները՝ անշահախնդրօրէն ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Ինչպէս անցեալին երբ Հնչբակեան կուսակցութիւնը միշտ գտնուած է պայքարի առաջին շարքերուն, այսօր եւս, փառապանծ այս կուսակցութեան նոր սերունդը կը խոստանայ շարունակել այդ սրբազան առաքելութիւնը»:

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեանը՝ նշելով, որ կուսակցութեան 22-րդ համագումարը կը կայանայ հայրենիքին համար ամենաճակատագրական ժամանակահատուածին, երբ հայրենիքի ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը այսօր հարցականի տակ է, որովհետեւ Ատրպէյճան հասկցուց, թէ այն ինչ որ չի կրնար ստանալ քաղաքական ու բանակցային ճնշումներով, պիտի փորձէ ստանալ հրթիռներով: Ան արժանի յարգանքը մատուցեց հայ զինուորին, որ իր քաջարի բազուկով կրցաւ կասեցնել ատրպէյճանցի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներուն յարձակումը եւ ետ շպրտեց զանոնք, չթողելով իրականացնել իրենց ծրագիրները, որոնք շատ աւեւլի հեռահար են քան զանոնք սահմանային միջադէպ կոչելը, ըսաւ Ընկ. Սարաֆեան: Ան անդրադարձաւ Հայաստանի ներկայ քաղաքական իրավիճակին, ՀԱՊԿ-ի անգործութեան, վերջին իրադարձութիւններուն՝ ՄԱԿ-ի արձագանգին, հիւսիսի դաշնակիցի օգնութեան վրայ մեր դրած կոյր վստահութեան, շեշտելով այն իրականութիւնը, որ մեր փրկութիւնը միայն մեր ուժերով պէտք է ըլլայ, առանց ապաւինելու որեւէ արտաքին ուժի, որովհետեւ ոչ ոք մեզի համար կ’ընէ այն, ինչ որ մենք պէտք է ընենք մեզի համար:

Ընկ. Սարաֆեան իր խօսքին առանցքը դարձուց երեք հիմնական կէտեր:

1) Միասնականութիւնը. «Մենք թէ՛ պատերազմի նախօրէին, թէ՛ այդ եւ անոր յաջորդող օրերուն, մեր բոլոր յայտարարութիւններուն մէջ նշած ենք միասնականութեան մասին, ոչ որպէս ցանկութիւն, այլ որպէս բացարձակ անհրաժեշտութիւն: Անմիաբանութեան իւրաքանչիւր դրսեւորում նուէր է Ատրպէյճանին, իսկ ան որ այս նեղ ու դժուարին ժամանակահատուածին իշխանափոխութիւն կը պահանջէ, կա՛մ չի տիրապետեր իրավիճակին, կա՛մ ակամայ ջուր կը լեցնէ Ատրպէյճանի ջրաղացին», ըսաւ ան:

2) Պետականութեան գիտակցումը. «Մենք որպէս կուսակցութիւններ պարտաւոր ենք պետականութեան հասկացողութիւնը վեր առնելու: Մենք ունինք գիտակցութիւնը, որ այսօր երկիրը համամիասնութեան եւ պետականութեան, դրօշին շուրջ հաւաքուելու հրամայականին առջեւ է: Հնչակեան կուսակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան մասին կը ջատագովէր երբ տակաւին այդ անկախութիւնը գոյութիւն չւոնէր, այսինքն 19-րդ դարու վերջերէն մինչեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակումը: Թերեւս մեր այս անկախութեանը մեզի հեշտ տրուած է, բայց իրականութիւնը այն է, որ անկախութիւնը շատ թանկ բան է, որուն համար բոլորս պատասխանատու ենք ե՛ւ որպէս կուսակցութիւններ, ե՛ւ որպէս անհատներ», ըսաւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը:

3) Արդիական ու այժմէական, արհեստավարժ բանակի գոյութիւնը: «Մեր անվտանգութեան երաշխիքը կը սկսի բանակէն: Հայ զինուորը փաստեց, որ ինք պատրաստ է անձնուրաց պաշտպանելու երկրին սահմանները, բայց այդ մէկը բաւարար չէ, որովհետեւ հայ զինուորը կարիքը ունի ե՛ւ նիւթական, ե՛ւ ռազմական հնարաւորութիւններու: Հայ զինուորը պիտի զգայ հզօր թիկունքը եւ այդ կ’ապահովուի մեր միասնականութեամբ», շեշտեց Ընկ. Սարաֆեան:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը իր խօսքը եզրափակեց՝ շեշտելով, որ աշխարհի զանազան գաղութներու մէջ ներկայութիւն ունեցող Հնչակեան կուսակցութեան համար առաջնային է Մայր հայրենիքը, պարտաւորութիւն վերցնելով նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի պետականութեան եւ օգտակար ըլլալ անոր: Ան նշեց, որ Սփիւռքի մէջ մենք ունինք բազմաթիւ մարտահրաւէրներ, բայց անոնք երկրորդական են Հայաստանի դիմագրաւած ամրտահրաւէրներուն դիմաց: Ան խոստացաւ, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը պիտի շարունակէ իր ուղին՝ ըլլալ Հայաստանի պետականութեան կողքին, աջակցիլ անոր պետականութեան, համագործակցիլ եւ մասնակից ըլլալ հայրենիքի բարօրութեան:

ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան 135-ամեակի համագումարին առիթով իր ողջոյնի խօսքը ուղարկած է Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը: «Հիմնադրման օրէն ի վեր, Հնչակեան կուսակցութիւնը ամենաաշխուժ կերպով ձեռնամուխ եղաւ հայ ազգային, քաղաքական եւ հասարակական կեանքի կազմակերպման գործին: Ցեղասպանութենէն յետոյ Հնչակեան կուսակցութիւնը այն առաջատար կառոյցներէն էր, որ կրցաւ կազմակերպել ու կանոնակարգել ամբողջ աշխարհով սփռուած հայութեան համայնքային կեանքը, մեծապէս նպաստելով Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան գործին: Հայաստանի անկախութենէն յետոյ կուսակցութիւնը անմիջականօրէն ներգրաւուեցաւ պետականութեան կերտման գործին, մշտապէս դրսեւորելով պետականակեդրոն ու  սկզբունքային վարքագիծ, իր բոլոր հնարաւորութիւնները ի սպաս դնելով անկախ Հայաստանի հզօրացման ու կայացման: Եւ այսօր ալ Հնչակեան կուսակցութիւնը անվերապահ ու աներկբայ կանգնած է պետականութեան կողքին»:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ նշած է. «Կուսակցութիւնը իր երկարամեայ գործունէութեամբ ծառայած է մեր ժողովուրդին եւ Հայրենիքին` հանդիսանալով հայութիւնը ոգեշնչող, համազգային խնդիրներու լուծման կարեւոր կազմակերպութիւններէն մէկը: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կը կարեւորէ ՍԴՀԿ-ի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը հայութեան եւ Հայաստանի առջեւ ծառացած կարեւոր խնդիրներու լուծման, ազգային ինքնութեան եւ լեզուի պահպանման, Մայր Հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման, Հայաստանի ու Արցախի զարգացման եւ այլ հարցերու լուծման գործին մէջ»: (Վարչապետին շնորհաւորագիրը ամբողջութեամբ տեսնել առանձին)

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան իր շնորհաւորական խօսքին մէջ ըսած է. «Փաստացի ձեր կուսակցութիւնը գործող ամենահին կուսակցութիւնն է, որ մշտապէս եղած է Հայաստանի կողքին, բազմաթիւ հայանպաստ ու հայապահպան բազմապիսի ծրագիրներ իրականացուցած է Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ»:

«Հանրապետութիւն» կուսակցութեան նախագահ Արամ Սարգիսեան սրտի խօսք փոխանցելով շնորհաւորեց 135-ամեակը Հնչակեան կուսակցութեան, որ «ունի լուրջ անցած ճանապարհ եւ ամբողջ գործունէութեան ընթացքին եղած էք պետութեան ու պետականութեան կողքին, կհողմնակից՝ համայն հայութեան միաւորման»: Ան անդրադարձաւ հայաստանեան ներքաղաքական կեանքին եւ ընդգծեց, որ ընդդիմութիւնը անոնք չեն, որոնք իշխանութեան հրաժարականը կը պահանջեն, այլ անոնք են, որոնք այս ծանր իրավիճակներուն մէջ ելքեր կը փնտռեն եւ զանոնք կը փորձեն առաջարկել իշխանութիւններուն, փորձելով լուծել խնդիրները:

«Արդար Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Նորայր Նորիկեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ նշեց, որ ինք խորապէս համոզուած է, որ Հնչակեան կուսակցութեան պատմութիւնը  ուղղակիօրէն խարսխուած է մեր ժողովուրդի պատմութեան հետ: «Ձեր գործունէութիւնը, հայապահպանւթիւնը, սփիւռքի մէջ ձեր քաղաքականութիւնը, ձեր ապրելակերպը, հայրենիքի նկատմամբ ձեր զգացած սրտացաւութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ ունեցած ձեր վերաբերմունքը կու գայ վկայելու, որ պետականութեան նկատմամբ, հայապահպանութեան նկատմամբ մեր ընկալումները նոյնական են», ըսաւ ան:

Հայաստանի Եւրոպական կուսակցութեան նախագահ Տիգրանի Խզմալեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ Հնչակեան կուսակցութիւնը Սփիւռքի մէջ կը պահպանէ ոչ միայն ազգային, այլ պետականութեան գաղափարը: «Մենք բոլորս որպէս ազգ եւ յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս պետութիւն, պէտք է գիտակցինք, որ կանգնած ենք մեծագոյն աշխարհաքաղաքան, հոգեբանական, ռազմավարական փոփոխութեան շեմին», ըսաւ ան, առաջնահերթ խնդիր համարելով համախմբուիլ ժողովորդավարական ճակատին մէջ, որովհետեւ «միայն ժողովրդավարութեան դաշտին մէջ է մեր յաղթանակը, մեր փրկութիւնը, մեր պետականութեան գոյութիւնը»:

Ռոմանոս Մելիքեանի անուան գոլեճի երգչախումբը, գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Գրիգոր Յարութիւնեանի, ներկայացուց «Հայաստան» եւ «Ազգ Փառապանծ» երգերը, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան «Տուր ձեռքդ, ընկեր» յեղափոխական երգը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment