Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Հանդիպած Է ՆԱԹՕ-Ի Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ

Փաշինեան Հանդիպած Է ՆԱԹՕ-Ի Գլխաւոր Քարտուղարին Հետ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետը, արտաքին գործերու նախարարն ու Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարը Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած են ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ:

Վարչապետը անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ Սեպտեմբեր 13-ին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ձեռնարկուած լայնածաւալ յարձակման` ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ թիրախաւորուած են 36 բնակավայրեր, ինչի հետեւանքով հայկական կողմը ունի նաեւ զոհեր ու վիրաւորներ քաղաքացիական անձերու շրջանին մէջ: Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ատրպէյճանական գործողութիւններու դատապարտման, ՀՀ ինքնիշխան տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումներու անյապաղ դուրսբերման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգի կարեւորութիւնը:

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի լրատուական վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն` ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը նշած է, որ չափազանց մտահոգուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցած դէպքերուն առնչութեամբ: Ենս Սթոլթենպերկը կարեւորած է տարածաշրջանային խնդիրներու` բանակցային եղանակով կարգաւորման անհրաժեշտութիւնն ու այդ ուղղութեամբ հետեւողական ջանքերուի գործադրումը, այդ շարքին` միջազգային գործընկերներու աջակցութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment