Փրակի մէջ կայանալիք միջոցառման ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հանդիպումը բացառուած չէ, ըսած է Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակը` պատասխանելով «Արմենփրես»-ի հարցին:
«Միաժամանակ, այս պահի դրութեամբ նման հանդիպում հաստատուած չէ: Հանդիպման հաստատման դէպքում հանրութեանը պատշաճ ժամկէտներում կը տեղեկացնենք», նշած է Վահան Յունանեանը:
Թուրքիոյ նախագահը աւելի վաղ յայտարարած էր Փրակի մէջ քաղաքական հանրութեան գագաթաժողովի շրջանակին մէջ Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման հնարաւորութեան մասին:
Եւրոպական Միութեան գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 6-ին:
Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին հանդիպում մինչեւ օրս չէ կայացած, Փաշինեան եւ Էրտողան միայն հեռախօսազրոյց ունեցած են այս տարուան Յուլիսին: