Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան Սեպտեմբեր 23-ին ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
ԱԺ նախագահը շնորհաւորած է Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայացուցիչները կուսակցութեան 135-ամեակին առթիւ` մաղթելով արգասաբեր գործունէութիւն:
Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանին, Սփիւռքին եւ Արցախին առնչուող կենսական նշանակութեան հարցերու շուրջ` այս ծիրին մէջ առանձնացնելով քաղաքական ուժերու միասնական գործելու անհրաժեշտութիւնը:
Անդրադարձ եղած է նաեւ ներքաղաքական իրավիճակին վերաբերող հարցերու: