Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ-ի 135-Ամեակին Առիթով «Ազատագրական Պայքարից՝ Անկախ Պետականութիւն» Խորագրով Գիտաժողով Երեւանի Մէջ

ՍԴՀԿ-ի 135-Ամեակին Առիթով «Ազատագրական Պայքարից՝ Անկախ Պետականութիւն» Խորագրով Գիտաժողով Երեւանի Մէջ

by MassisPost

Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին առիթով     Երեւանի մէջ կազմակերպուած էր գիտաժողով մը՝ «Ազատագրական պայքարից՝ անկախ պետականութիւն» խորագրով: Սոյն գիտաժողովը տեղի ունեցաւ ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկին հետ համագործակցութեամբ:

Հինգշաբթի, 22 ՍԵպտեմբեր 2022-ին, ՀՀ ԳԱԱ-ի դահլիճին մէջ տեղի ունեցած գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆան, կուսակցութեան Վարիչ մարմիններու անդամներ, շարքայիններ, գիտաշխատողներ, պատմաբաններ:

Բացման խօսքով ՀՀ ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆեսոր Աշոտ Մելքոնեան ողջունեց ներկաները, շնորհաւորեց բոլորը Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով: Փրոֆ. Մելքոնեան ըսաւ, որ 135-ամեայ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը անկախութեան գաղափարը դարձուցած էր իր գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնը: Կուսակցութեան գլխաւոր նպատակներէն էր անկախ Հայաստանի գաղափարը: Ան նշեց, որ Հայկական հարցի միջազգայնացումէն յետոյ շատ կարեւոր էր, որ մեր ազգային կուսակցութիւնները կեանքի կոչուէին, որովհետեւ անոնք ազգային արժէք են, եւ այդ պատճառով իրենք, որպէս պատմաբաններ, պարտաւոր են ուսումնասիրել անոնց գործունէութիւնը: Փրոֆ. Մելքոնեան աւելցուց, որ ՍԴՀԿ-ը իր ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ արձանագրած է անկախութեան գաղափարին կարեւորութիւնը եւ անոր համար պայքարած է իր գործունէութեան ընթացքին:

ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատողւ Մկրտիչ Դանիէլեան

Առաջին զեկուցողն էր ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող, պատմական գիտութիւններու թեկնածու Մկրտիչ Դանիէլեանը՝ «Նարոդնիկներ-հնչակեաններ գաղափարական առնչութիւններ» թեմայով: Դանիէլեան նշեց, որ անկախութիւնը եւ ազատութիւնը չեն մուրար, այլ ձեռք կը բերեն պայքարով, երեւոյթ մը՝ որ կը տեսնենք նաեւ հնչակեան գաղափարականին մէջ: Ան ըսաւ, որ մարտավարութեան առումով հնչակեանները շատ բաներ առին ազգային նարոդնիկական կազմակերպութիւններէն: ՍԴՀԿ-ը նարոդնիկական գաղափարական զօրանոցէն առաւ սոցիալիզմի գաղափարը, ինչպէս նաեւ պետականութեան վերականգնման գաղափարը եւ աւելի յառաջ տարաւ զանոնք:

ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆեսոր Աշոտ Մելքոնեան

ԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն փրոֆեսոր Աշոտ Մելքոնեան ներկայացուց «Անկախութեան գաղափարը «Հնչակ» թերթի էջերուն մէջ»: Ան ընդգծեց, որ հնչակեանները ոչ միայն չէին բաւարարուեր Արեւմտեան Հայաստանի խնդիրով, այլ նաեւ կը ձգտէին հասնելու հայ ռուսահայ ու պարսկահայ հատուածներու ազատագրութեան: Փրոֆ. Մելքոնեան նշեց, որ կուսակցութեան ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ կ’երեւի, թէ անկախութիւնը ձեռք բերելէ յետոյ ինչ մեխանիզմներ պէտք է ունենալ այդ անկախութիւնը կեանքի կոչելու համար, ըլլան անոնք գաղափարական, տնտեսական կամ այլ բնոյթի, թէ իշխանութեան մարմիններ ինչպէս պէտք է ստեղծուին, ընտրութիւններ ինչպէս պէտք է տեղի ունենան, ինչ հասարակութիւն պէտք է ըլլայ եւ այլն: Փրոֆեսոր Մելքոնեան շեշտեց, որ ՍԴՀԿ հաւատարիմ մնալով իր գաղափարական ծրագրային դրոյթներուն՝ 1918 թուականին ողջունեց Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը եւ  հնչակեանները Խորհրդային Հայաստանի նկատմամբ թշնամական դիրք չբռնեցին ու զայն համարեցին հայոց պետականութեան դրսեւորում:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գեղամ Յովհաննիսեան

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գեղամ Յովհաննիսեան ներկայացուց «Ազգային պետութեան հիմնահարցը «Երիտասարդ Հայաստան» պարբերականին մէջ (1903-1921 թուականներուն): Ան ներկայացուց պարբերականին պատմականը եւ անոր մէջ լոյս տեսած գաղափարական յօդուածներէն բաժիններ, ուր պաշտպանուած են հայկական շահերը, ողջունելով ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը: Սապահ Գիւլեանը, որպէս թերթի գլխաւոր խմբագիր, իր յօդուածներով անդրադարձած է հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն:  Յովհաննիսեան նշեց, որ «Երիտասարդ Հայաստան» պարբերականին մէջ 1921 թուականէն յետոյ աւելի ամրապնդուած է Խորհրդային Հայաստանին օգնելու, անոր աջակցելու, խորհրդային իշխանութիւնը գովերգելու  տեսակէտը:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուտինեան

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Խուտինեան ներկայացուց «Իտէալի եւ իրականութեան հակաթեզը ՍԴ Հնչակեան կուսակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան 1890-ական  թուականներու ծրագրային փաստաթուղթերուն մէջ» զեկոյցը: Ան նշեց, որ հայ ազգային կուսակցութիւններու ձեւաւորման ու գործունէութեան առաջին տասնամեակին մէջ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը ծրագրային գաղափարական առաջադրանքները Արեւմտեան Հայաստանի պայմաններու ու միջավայրին համապատասխանեցնելու հոլովոյթը յառաջ բերած է ազատութեան իտէալը, թրքական իրականութեան հետ բաղդատելու խնդիրը: Հնչակեան կուսակցութեան ծրագրին մէջ ամրագրուած էին ժամանակի հայ յառաջադէմ երիտասարդութեան յառաջադիմական ցանկութիւնները: Խուտինեան ըսաւ, որ եթէ չըլլար հնչակեաններու բուռն յեղափոխական գործունէութիւնը 1890-ականներու առաջին կէսին, իր ցոյցերով եւ ապստամբութիւններով, չէր կրնար ստեղծուիլ ՀՅԴ գործունէութեան հետագայ ուժականութիւնը:

Պատմական գիտութիւններու դոկտոր Եղիկ Ճերեճեա

Յաջորդ զեկոյցը ներկայացուց պատմական գիտութիւններու դոկտոր Եղիկ Ճերեճեան՝ «Անկախութեան գաղափարին հոլովոյթը Հնչակեան կուսակցութեան մօտ, «Հնչակ»ի հրատարակութենէն-Հայաստանի Հանրապետութիւն (1887-1920 թուականներուն)» թեմայով: Տոքթ. Ճերեճեան նշեց, որ Հայաստանի անկխութեան գաղափարը Հնչակեան կուսակցութեան մօտ իր առաջին եւ յստակ արտայայտութիւնը գտած է «Հնչակ» պաշտօնաթերթի առաջին թիւի խմբագրականին մէջ 1887-ի Նոյեմբերին: Ան ընդգծեց, որ հետագային 22 հնչակեաններ, երկուքը ի բացայակութեան, մահապատիժի կ’արժանանան անկախ Հայաստան կերտելու նպատակը հետապնդելու համար: Տոքթ. Ճերեճեան շեշտեց, որ ՍԴՀԿ-ը Հայաստանի անկախութիւնը պաշտպանելու իր դիրքորոշումը շարունակած է իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին:

ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեան

Վերջին զեկոյցով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Քէօշկէրեանը՝ ներկայացնելով «Հնչակեան ծրագիրին մէջ տեղ գտած Հայաստանի անկախութեան գաղափարին ընկալումը օսմանեան դատարաններուն կողմէ»: Ան նշեց, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզբը հնչակեան գործիչները որպէս հայ ազգային ազատագրական շարժման նուիրեալներ յաճախ յայտնուած են օսմանեան դատարաններոուն առջեւ իրենց կատարած թէ չկատարած «յանցագործութիւններուն» համար, եւ որպէս ծանր յանցագործութիւն առերեսուած են Հնչակեան կուսակցութեան ծրագիրին մէջ տեղ գտած անկախ Հայաստանի գաղափարին հետ: Քէօշկէրեան մատնանշեց, որ հնչակեան մտաւորականներ եւ գործիչներ տարբեր կալանավայրերու եւ դատարաններու մէջ բռնութիւններու կ’ենթարկուին որպէսզի խոստովանին իրենց առնչութիւնը անկախ Հայաստանի «դաւադրական ծրագրին հետ»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment