Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պայտըն. Միացեալ Նահանգները Կանգնած Է Հայաստանի Կողքին

Պայտըն. Միացեալ Նահանգները Կանգնած Է Հայաստանի Կողքին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ աջակցիլ հայ ժողովուրդի ժողովրդավարական ձգտումներուն, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան, ըսուած է Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ԱՄՆ նախագահ Ժոզէֆ Պայտընի յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

«Մենք հաւատարիմ կը մնանք Ձեր եւ այլ կողմերուն հետ աշխատելու` աջակցելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, այդ շարքին` Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար», նաեւ ըսուած է ուղերձին մէջ:

«Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն անունով իմ ջերմ շնորհաւորանքներս կը յղեմ հայ ժողովուրդին՝ Անկախութեան օրուան առիթով: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ հայ ժողովուրդին ժողովրդավարական ձգտումներուն, ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան», Փաշինեանին գրած է Պայտընը: – «Սեպտեմբեր 21-ին մենք կը միանանք հայ ժողովուրդին` նշելու ձեր նուիրումը ժողովրդավարութեան եւ մեր երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ ամուր բարեկամական կապերը»:

ԱՄՆ նախագահը կ’ընդգծէ, որ «վերջին ռազմական գործողութիւնները կ’ընդգծեն մեր դիւանագիտութիւնը կրկնապատկելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի Հայաստանը կարենայ նայիլ դէպի բարգաւաճ եւ խաղաղ ապագայ, ինչ որ կը ներառէ հարեւաններուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում», եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէ վերջին յարձակումներուն ժամանակ զոհերուն համար: «Մենք բարձր կը գնահատենք Ձեր աջակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ աւելի կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն», ըսուած է Հայաստանի վարչապետին ԱՄՆ նախագահին յղած ուղերձին մէջ:

«Այս տարի ԱՄՆ-հայաստան մեր նորացուած ռազմավարական երկխօսութիւնը վերահաստատեց մեր համատեղ յանձնառութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կապերու ամրապնդման եւ ընդգծեց Միացեալ Նահանգներուն աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական հետագիծին: Միացեալ Նահանգները կանգնած է Հայաստանի կողքին, մինչ դուք կը շարունակէք աշխատիլ փտածութեան դէմ պայքարի, հաշուետու հիմնարկներու զարգացման, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման եւ մարդու իրաւունքներուն նկատմամբ յարգանքի ուժեղացման ուղղութեամբ:

Մեր համատեղ աշխատանքը անցեալ տարուան ընթացքին շարունակած է ամրապնդել եւ խորացնել մեր ժողովուրդներուն միջեւ կապերը: Ամբողջ հայ ժողովուրդին կը մաղթեմ անվտանգ եւ խաղաղ Անկախութեան տօն», ըսուած է Ճօ Պայտընի ուղերձին մէջ, որ հայերէն թարգմանութեամբ տարածած է Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմին լրատուականը:

Հայաստանին Անկախութեան օրուան առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment