Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Ատրպէյճանի Կողմէ Հրետակոծուած Գեղարքունիքի Մարզի Գիւղեր

ՄԱԿ-ի Ներկայացուցիչները Այցելած Են Ատրպէյճանի Կողմէ Հրետակոծուած Գեղարքունիքի Մարզի Գիւղեր

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի գրասենեակի ներկայացուցիչները այցելած են Գեղարքունիքի մարզի հայկական գիւղեր, որոնք վերջերս տեղի ունեցած յարձակման ժամանակ Ատրպէյճանի կողմէ ենթարկուած են հրետակոծութեան:

Պատուիրակներուն խումբը` Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի համակարգող Լիլա Փիթրս Եահեայի գլխաւորութեամբ, եղած է Գաւառի, Շատուանի, Նորաբակի, Կութի, Սոթքի մէջ:

Ինչպէս կը նշուի ՄԱԿ-ի գրասենեակի թուիթըրեան գրառման մէջ, խումբին խորապէս յուզած է մարդոց տոկունութիւնն ու խաղաղութեան եւ անվտանգութեան մէջ ապրելու իրենց իրաւունքը պաշտպանելու կոչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment