Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Ու Արցախի Հետ Զօրակցական Հաւաք ԿԼէնտէլի Մէջ

Հայաստանի Ու Արցախի Հետ Զօրակցական Հաւաք ԿԼէնտէլի Մէջ

by MassisPost

Հայաստանի սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակէն մեկնելով ու նկատի առնելով մեծ թիւով Հայ զինուորներու նահատակութիւնը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը չեղեալ յայտարարեց Կիրակի, Սեպտեմբեր 18-ին ծրագրուած աւանդական` Հայաստանի անկախութեան օրուան փառատօն, զայն փոխարինելով զօրակցական հաւաքով մը, որ տեղի ունեցաւ ԿԼէնտէլի Քաղաքապետարանի շէնքին մօտ, մեծ թիւով հայերու, ինչպէս նաեւ Ամերիկացի քաղաքական անձնաւորութիւններու ներկայութեան:

Հաւաքը սկսաւ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ` օրուան հանդիսավար Ստեփան Յովակիմեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադրձաւ հաւաքի նպատակին, որ է զօրակցութիւն յայտնել Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին ու մեր բանակին: Ան այս առթիւ շեշտը դրաւ մեր ժողովուրդի միասնականութեան` մէկդի դնելով մեր ներքին տարակարծութիւններոը:

Արեւմտեան Ամերիկայի Թեմի հովիւ` Տէր Զաւէն Քահանայ Մարկոսեան կատարեց բացման աղօթքը:

 

Ապա, ելոյթ ունեցան Քալիֆորնիոյ Նահանգային Խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն, Կլէնտէլի քաղաքապետ Արտաշէս Քացախեան, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ` Անթոնի Փորթանթինօ: Գոնկրէսական Ատամ Ծիֆի խօսքը փոխանցեց անոր գրասենեակի անդամ Մէրի Յովակիմեան: Բոլոր ելոյթ ունեցողները դատապարտեցին Ատրպէյճանի յարձակումները Հայաստանի դէմ ու պահանջեցին Ամերիկեան վարչակազմէն` դադրեցնել ամէն տեսակի զէնքի վաճառքը նախայարձակ Ատրպէյճանին:

Ելոյթ ունեցաւ ՍԴՀԿ Վարիչ Մարմինի անդամ Միհրան Խաչատուրեան, որ իր խօսքին մէջ մասնաւորաբար ըսաւ  – «Սիրելի հայրենակիցներ այսօր մենք ծրագրած էինք նշել Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը, սակայն Թուրք-Ազերի մեր թշնամիները մեզ բերին այստեղ, քանի որ   Հայ ժողովուրդը դարձեալ  իը սահմանները անառիկ պահելու պայքար կը մղէ Ալիեւի զօրքերուն դէմ: Հայոց բանակը սխրանքներ կերտելով ու իր գին մեծ զոհողութիւններու յաջողեցաւ ետ մղել Ատրպէյճանի արդիական զէնքերով զինուած բանակը ու ձախողութեան մատնել անոնց ծրագիրները;

«Հաւաքուած ենք հոս` խոնարհելու համար մեր նահատակ հերոսներու յիշատակին առջեւ, որոնք ինկան պատերազմի դաշտին վրայ պաշտպանելու համար Հայոց սուրբ հողը, այդ ընթացքին գործելով հերոսական խիզախումներ: Մենք կը խոնարհինք հայոց բանակի զինուորներուն առջեւ:

«Այս  օրերուն Հայաստան միայնակ չմնաց: Մենք առաջին հերթին Կ’ողջունենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ բոլոր ան երկիրներու ճիշդ կողմնորոշումը,  որոնք նեցուկ կանգնեցան Հայաստանին ու ճնշում գործադրեցին Պաքուի վրայ, որպէսզի ան դադրեցնէ իր նախայարձակ պատերազմը ու դուրս գայ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներէն:

«Այսօր Երեւան այցելեց Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան Խօսնակ Նենսի Փելոսին, ուր ան դատապարտեց Ատրպէյճանի նախայարձակ պատերազմը Հայաստանի դէմ: Այս այցելութիւնը յստակ պատգամ էր Պաքուին ու նաեւ Անգարային, որ Հայաստան առանձին չէ եւ ունի բարեկամներ Ուաշինկթընի մէջ եւ այլուր: Այս առթիւ կը պահանջենք Սպիտակ Տունէն, որպէսզի պատժամիջոցներ գործադրէ Ատրպէյճանի դէմ:

«Կը պահանջենք նաեւ Ռուսաստանէն, որպէսզի հրաժարի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ նոյն հաւասարութիւնը պահելու իր սխալ ու անհեռատես քաղաքականութենէն ու կատարէ  Հայաստանի նկատմամբ իր ստանձնած դաշնակցային պարտաւորութիւնները, այլապէս Մոսկուան դատապարտուած է կորսնցնելու իր հեղինակութիւնը ամբողջութեամբ:

«Ժողովրդավարական սկզբունքներով առաջնորդուող Եւրոպան եւս պէտք է դադրի տնտեսական գործարքներու մէջ մտնելէ բռնապետական Ատրպէյճանի հետ, այդպիսով քաջալերելով Ալիւի հակահայ քաղաքականութիւնը: Եւրոպական երկիրները պարտաւոր են յստակօրէն պաշտպանել ժողովրդավարական Հայաստանը ու անոր սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը:

«Այս պահուն Հայաստան պէտք ունի ներքին միասնականութեան եւ համերաշխութեան: Դատապարտելի են այն բոլոր արարքները, որոնք կը ծառայեն ուժերու ջլատման եւ թիկունքէն հարուած են սահմանին կանգնած ու զոհուող մեր զինուորներուն£ Բոլորս պէտք է զօրակցինք Հայաստանի ու Արցախի պետականութեանց ու մեր բանակին: Մեր միակ յոյսը մեր միասնութեան մէջ: Մեր ներքին տարակարծութիւնները լուծելու պահը հիմա չէ, երբ վտանգուած է հայրենիքը:

«Ինչպէս 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին, այսօր եւս սփիւռքը կանգնած է իր Հայրենիքի կողքին եւ պատրաստ է օժանդակելու`  իր բոլոր կարողութիւններով: Աշխարհասփիւռ հայութեան ճակատագիրը կապուած է հզօր ու ինքնիշխան Հայաստանի հետ»:

Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի անդամ Ալիսոն Կաֆարի իր ելոյթին մէջ ներկայացուց այն հայատեաց մթնոլորտն ու արշաւը որ կը տիրէ Ատրպէյճանի մէջ: Ան մէջբերումներ կատարեց  Ազերի եւ Թուրք գործիչներու ելոյթներէն, որոնք բացայայտ սպառնալիքներ կը հնչեցնեն Հայութեան հասցէին ու կը խօսին Հայաստանն ու Հայ ժողովուրդը բնաջինջ ընելու մասին:

Հանրահաւաքի ընթացքին ելոյթներ ունեցան հասարակական գործիչ, լրագրող եւ ֆիլմարտադրիչ` Վիք Ճերանի, ակտիւիստ` Գոհար Պետրոսեան, քաղաքական մեկնաբան Արմէն Չվուքճեան, միջազգային լրագրող եւ ֆիլմերու բեմադրիչ` Անուշաւան Մելիք Շահնազարեան, «Ճշմարտութիւն եւ Արդարութիւնՙ կեդրոնի գործադիր մարմինի անդամ` իրաւաբան Արսինէ  Առաքել եւ Ամերիկայի նախկին նախագհներէն` Ուտրոյ Ուիլսընի ծոռ` Տանոլտ Ուիլսըն Պուշ, որ կը ղեկավարէ Հայկական Ազգային Ընկերակցութիւնը:

Վերջաւորութեան ելոյթ ունեցաւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան ատենապետ` Յարութ Տէր-Դաւիթեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայոց պատմութեան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերուն, որոնք պատճառ դարձած են պետականութեան քայքայման: Ան զուգահեռներ տեսաւ այդ իրադարձութիւններուն ու 1997 թուականի Հոկտեմբեր 27-ի սպանութիւններուն միջեւ, երբ Հայաստանի Ազգային Ժողովէն ներս գլխատուեցան պետութեան հիմնասիւները:

Տէր-Դաւիթեան կոչ ըրաւ դասեր քաղելու մեր պատմութենէն, որպէսզի կարողանանք պահպանել այսօրուայ  մեր պետականութիւնը:

Հանդիսավար` Ստեփան Յովակիմեանի շնորհակալական խօսքով փակուեցաւ զօրակցական հանրահաւաքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment