Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նենսի Փելոսին, Գոնկրէսականները Եւ Եղիշէ Կիրակոսեանը Քննարկած Են Ատրպէյճանի Կողմէ Մարդու Իրաւունքներու Խախտումները

Նենսի Փելոսին, Գոնկրէսականները Եւ Եղիշէ Կիրակոսեանը Քննարկած Են Ատրպէյճանի Կողմէ Մարդու Իրաւունքներու Խախտումները

by MassisPost

ԱՄՆ ներկայացուցիչներու Պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսին, գոնկրէսականները եւ Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ անոնց դէմ Հայաստանի ջանքերը միջազգային դատարաններուն մէջ:

Այս մասին Թուիթըրի իր էջով յայտնած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Պալատի անդամ, Գոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոնը:

«Այսօր հանդիպած ենք Եղիշէ Կիրակոսեանի, խօսնակ Նենսի Փելոսիի եւ հայկական հարցերով յանձնախումբի միւս անդամներուն հետ: Մենք քննարկած ենք Ատրպէյճանի կողմէ մարդու իրաւունքներու սարսափելի խախտումները եւ Հայաստանի ջանքերը Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին եւ Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանին մէջ», նշած է գոնկրէսականը:

Փալոնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Քափիթոլիումի մէջ զրուցած են Արցախի արտաքին գործերու նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ, քննարկած՝ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի յարձակումներու հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական ճգնաժամը, եւ հայ բնակչութեան ատրպէյճանական հետագայ յարձակումէն պաշտպանելու անհրաժեշտութեան հարցը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment