Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Պլինքնի, Փութինի եւ Մաքրոնի Հետ

Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Պլինքնի, Փութինի եւ Մաքրոնի Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձած են նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին ուղղուած ՀՀ դիմումի շուրջ քննարկումներուն: Այս մասին յայտնած են ՀՀ կառավարութենէն, նշելով, որ վարչապետ Փաշինեան եւս մէկ անգամ ընդգծած է տեղի ունեցողին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը:

Վարչապետը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ սանձազերծուած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ չնայած սահմանին յարաբերական հանգիստ է` իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած:

Էնթընի Պլինքըն իր ցաւակցութիւնները փոխանցած է ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով զոհերուն վերաբերեալ եւ վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու պատրաստակամութիւնը` նպաստելու խաղաղութեան ու երկխօսութեան:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուրլ Մաքրոնի հետ:

Վարչապետը մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ սանձազերծուած յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ: Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ չնայած սահմանին յարաբերական հանգիստ է` իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած:

Էլիզէի պալատին փոխանցմամբ ալ` Մաքրոն վերահաստատած է Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ու ինքնիշխանութեան:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի լրատուականին փոխանցմամբ` Ֆրանսայի նախագահը «վերահաստատեած է պատրաստակամութիւնը` նպաստելու երկխօսութեան ու խաղաղութեան»:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին ուղղուած ՀՀ դիմումի շուրջ քննարկումներուն: Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է տեղի ունեցողին վերաբերեալ միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը:

Հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած իրավիճակին անդրադարձած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հեռախօսազրոյցի ժամանակ:

Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմի լրատուականին հաղորդագրութեան համաձայն, Փաշինեան ընդգծած է, որ չնայած ներկայիս սահմանին յարաբերական հանգիստ է, ՀՀ ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով իրավիճակը կը շարունակէ մնալ շատ լարուած:

Հայաստանի վարչապետը եւ Ռուսիոյ նախագահը քննարկած են Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան ուղղուած Հայաստանի դիմումին վերաբերեալ ընդունուած որոշումներու իրականացման վերաբերող հարցեր:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment