Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Աննա Վարդապետեանը Երդմամբ Ստանձնեց ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի Պաշտօնը

Աննա Վարդապետեանը Երդմամբ Ստանձնեց ՀՀ Գլխաւոր Դատախազի Պաշտօնը

by MassisPost

Աննա Վարդապետեանը երդմամբ ստանձնեց ՀՀ գլխաւոր դատախազի պաշտօնը:

Ազգային Ժողովի Սեպտեմբեր 15-ի նիստին ԱԺ նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտնեց, որ Գլխաւոր դատախազը իր պաշտօնը կը ստանձնէ ԱԺ նիստին ընթացքին տրուած երդմամբ:

Աննա Վարդապետեանը, մօտենալով Ազգային Ժողովի ամպիոնին, երդուեցաւ. «Ստանձնելով Գլխաւոր դատախազի պաշտօնը` երդւում եմ` անշեղօրէն ղեկավարուել ՀՀ սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով, յանցաւոր ոտնձգութիւններից պաշտպանել մարդու եւ քաղաքացու իրաւունքներն ու ազատութիւնները, ՀՀ սահմանադրական կարգն ու անվտանգութիւն, իմ գործունէութեամբ ամրապնդել օրինականութիւնը, բարձր պահել դատախազութեան հեղինակութիւնը, դատախազի կոչումն ու բարի համբաւը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment