Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը կը դիմաւորենք յուզումնալից պահու մը, երբ Ազերի թշնամին« իր հետ ունենալով Թուրքիոյ քաղաքական ու ռազմական նեցուկը, հերթական փորձը կը կատարէ ճեղքելու Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններու պաշտպանական դիրքերը ու պարտադրելու հայրենի իշխանութիւններուն` ընդունելու իր պայմանները:
Այս օրերուն հայութիւնը` Հայաստանի ու Արցախի մէջ կը մղէ իր Հայրենիքի գոյութեան, անկախութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պայքարը` գրեթէ միայնակ մնացած: Ներկայիս տիրող աշխարհաքաղաքական իրավիճակը աւելի շատ նպաստաւոր է Ատրպէյճանական կողմին համար: Ռուսաստանը, որ տակաւին կը նկատուի Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը, մխրճուած է Ուքրանիոյ ճահիճին մէջ, ուր իրավիճակը օրէևօր կը վատթարանայ Մոսկուա համար: Հաւաքական Անվտանգութեան Կազմակերպութիւնը, որուն անդամ է Հայաստանը, պատրաստ չէ օգնութեան ձեռք մեկնելու իր դաշնակից երկրին ու կը նախընտրէ չէզոքութիւն պահել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ: Եւրոպական երկիրները մտահոգ են գալիք ձմեռնային եղանակին իրենց կազի մատակարարմամբ եւ յոյս ունին, որ Ատրպէյճանական կազը կրնայ դառնալ լրացուցիչ աղբիւր մը իրավիճակը մեղմելու համար: Այս պատճառաւ ալ անոնք եւս կը փորձեն նոյն հեռաւորութիւնը պահել նախայարձակին եւ յարձակման ենթարկուողին միջեւ: Իրան, որուն ղեկավարները յաճախ կը խօսին Հայաստանի հետ իրենց սահմաններու փոփոխութեան անթոյլատրելիութեան մասին, իրենք եւս ունին իրենց ներքին մտահոգութիւնները, նկատի առնելով որ, բնակչութեան բաւական մեծ տոկոսը ունին ատրպէյճանական արմատներ, իսկ Երեւան ի վիճակի չէ զինուորական գետնի վրայ մերձեցում եւ կամ սերտ գործակցութիւն ունենալ Իրանի հետ, Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիւնները չվտանգելու համար:
Բացառութիւն կազմեց Ֆրանսան, որուն նախագահը` Էմանուէլ Մաքրոն եղաւ միակը, որ խօսեցաւ հասցէագրուած` կոչ ընելով Ատրպէյճանին յարգելու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը: Աւելի ուշ միացաւ նաեւ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն, որ յիշատակեց հայկական տարածքներու եւ ենթակառոյցներու ռմբակոծութիւնը, յստակ դարձնելով, որ ՄԻացեալ Նահանգները մեղաւոր կը գտնէ ատրպէյճանական կողմը:
Ներկայ կացութեան առջեւ Հայ ժողովուրդը, ինչպէս դարերու ընթացքին, ստիպուած է ապաւինելու իր սեփական ուժերուն: Ռազմական վերջին գործողութիւններուն պատկերը տակաւին ամբողջովին յստակ չէ, սակայն կը թուի թէ Ատրպէյճանական բանակը չէ յաջողած հասնիլ իր նպատակներուն: Հայկական զինուած ուժերը կարողացած են արիաբար դիմադրել ու կասեցնել թշնամիի յառաջխաղացքը` ի գին մեծ թիւով զոհերու եւ վիրաւորներու:
Սահմանային վերջին իրադարձութիւնները եկան անգամ մը եւս փաստելու, որ անկախութիւն նուաճելը կարեւոր է, սակայն աւելի կարեւոր ու դժուար է այդ անկախութիւնը պահելը: Այժմ հայութիւնը կը գտնուի իր անկախութիւնը պահելու մարտահրաւէրին առջեւ: Այդ ընելու համար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է ներքին ճակատի ամրապնդումը, համախմբումն ու միասնականութիւնը: Դժբախտաբար, այսօր չենք տեսներ այդ մօտեցումը որոշ ուժերու կողմէ, որոնց համար հայրենասիրական խօսքերը պարզ ելոյթներ են` իշխանութեան վերատիրանալու ճանապարհին:
1991 թուականի Սեպտեմբեր 21-ին, Հայաստանի ժողովուրդը աւելի քան 99 տոկոսով քուէարկեց անկախութեան ի նպաստ: Անցնող 31 տարիներուն մեր Հայրենիքը անցաւ յաջորդական վերիվայրումներու ընդմէջէն ու ապրեցաւ բազմաթիւ յուսախաբութիւններ, նկատի առնելով որ, չիրականացան անկախութեան հետ կապուած շատ մը յոյսերն ու ակնկալութիւնները: Սակայն վերջին երկու տարիներուն` 44 օրեայ պատերազմէն ասդին, մեր ժողովուրդին համար եղաւ ամենէն ծանրն ու յուզումնալիցը: Վրէժխնդրութեամբ լեցուած թշնամին օգտագործելով իր ռազմական ու տնտեսական առաւելութիւնները կը փորձէ ծունկի բերել մեր ժողովուրդը: Ան պիտի շարունակէ իր այս ընթացքը` մերթ Հայաստանի սահմաններուն ուղղութեամբ, մերթ` Արցախի:
Անկախութեան տարեդարձի այս օրերուն Հայկական բանակի հզօրացումը դարձած է առաջնահերթ հրամայական: Հայ ժողովուրդը պէտք է պատրաստ ըլլայ երկարաշունչ պայքարի ու զոհողութիւններու: Քանի որ, անկախութեան գաղափարը մեր երակներուն մէջն է, մենք տեղ չունինք նահանջելու:
Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»