Home Uncategorized «Ակնյայտ Է, Որ Բանակին Մէջ Մեծ Փոփոխութիւններ Կ՛իրականացուին». Ալէն Սիմոնեան

«Ակնյայտ Է, Որ Բանակին Մէջ Մեծ Փոփոխութիւններ Կ՛իրականացուին». Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

Հայաստանի Զինուած ուժերուն մէջ մեծ փոփոխութիւններ կ՛իրականացուին` սկսեալ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններէն, միչեւ քատրային փոփոխութիւններով: Ազգային Ժողովին մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան:

Անդրադառնալով Հայաստանի յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանի` սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ յայտարարութեան, որուն մէջ ան նշած էր, որ Ատրպէյճանը կը փորձէ օրրինական հիմքեր ստեղծել սահմանին սադրանք նախապատրաստելու համար, Սիմոնեան ըսաւ, որ Ատրպէյճանը մշտապէս իր գործելաոճը ունեցած է, մշտապէս զանոնք օգտագործած է բանակցութիւններու ընթացքին, բայց ի հեճուկս այն բոլոր կանխատեսումներուն, թէ այսօրուան իշխանութիւնները չեն կրնար եւ պիտի չկարենան բանակցիլ, բանակցային գործընթացը կը շարունակուի:

Ազգային Ժողովի նախագահը ընդգծեց, որ Հայաստանը հետամուտ պիտի ըլլայ խաղաղութեան գործընթացին:

«Հայաստանի քաղաքացին եւ մենք գտնում ենք, որ պէտք է առաջնայինը լուծենք անվտանգութեան հարցերը, իսկ անվտանգութեան հարցերը երկու ձեւով են լուծւում` հարեւան երկրների հետ խաղաղութիւն հաստատելով եւ ուժեղ բանակ ունենալով:

Օրէնսդրական նախաձեռնութիւններով, կադրային մեծ փոփոխութիւններով առաջ ենք գնալու բանակը զարգացնելու ոցղղութեամբ: Ի դէպ, մինչեւ պատերազմը յաճախ ասում էին, որ բանակը գլխատել են եւ այլն, բայց նման բան չի եղել: Հիմա ակնյայտ է դառնում, որ բանակում մեծ փոփոխութիւն կան: Ես կարող եմ ասել, որ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը իր աշխատանքը կատարում է բաւականին յաջող», ըսաւ Սիմոնեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment