ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 15-16-ին Ուզպեքստանի Սամարղանտ քաղաքին մէջ որպէս հիւր պիտի մասնակցի Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին: Այս մասին տեղեկութիւն նշուած էր Ուզպեքստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Շերզոտ Ասատովի ֆէյսպուքեան էջով:
Ան գրած է, որ 15 պետութիւններու ղեկավարները Սեպտեմբեր 15-16-ին Սամարղանտի մէջ պիտի մասնակցին Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթաժողովին:
«Յաջորդ շաբաթ Սամարղանտը պիտի ընդունի Շանկհայի Համագործակցութեան Կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը: Այդ միջոցառումը պիտի դառնայ ՇՀԿ առաջնորդներու առաջին առերես հանդիպումը 2019 թուականէն ի վեր եւ կազմակերպութեան մէջ Ուզպեքստանի նախագահութեան աւարտը», յայտարարած է Ասատով:
Ասատով նշած է, որ ՇՀԿ-ի մէջ Ուզպեքստանի նախագահութեան ընթացքին հիմնական շեշտը դրուած է տնտեսական եւ առեւտրային կապերու ամրապնդման, արդիւնաբերական համագործակցութեան խթանման, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան փոխկապակցուածութեան ընդլայնման վրայ:
ՇՀԿ գագաթաժողովին, բացի Ուզպեքստանի նախագահ Շաուքաթ Միրզոեւէն, պիտի մասնակցին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինը, Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին, Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւը, Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆը, Ղրղզստանի նախագահ Սատիր Ժափարովը, Տաճիկստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմոնը:
Գագաթաժողովին որպէս դիտորդ պիտի մասնակցին Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն, Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին, Մոնկոլիոյ նախագահ Ուհնաակիյն Խուրելսուխը:
ՇՀԿ գագաթաժողովին որպէս հիւր պիտի մասնակցին Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Թուրքմէնստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովը: