Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տիեզերք Արձակուած Հայկական Արբանեակը Կ’աշխատի, Լուսանկարները Կան

Տիեզերք Արձակուած Հայկական Արբանեակը Կ’աշխատի, Լուսանկարները Կան

by MassisPost

Բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարի առաջին տեղակալ Գէորգ Մանթաշեան եւ SATLANTIS-ի համահիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն, գիտնական Խուան Թոմաս Հերնան մանրամասներ ներկայացուցին Հայաստանի` տիեզերք արձակուած առաջին արբանեակի` «ArmSat-1»-ի մասին: Ասուլիսի ընթացքին «Արմենփրես»-ը հետաքրքրուեցաւ, թէ Հայաստանի առաջին արբանեակին արձակումը ի՞նչ արդիւնք տուելած է, լուսանկարները կա՞ն, թէ՞ ոչ, եթէ այո՛, ապա ե՞րբ անոնք պիտի հրապարակուին:

«Արբանեակն աշխատում է, լուսանկարները կան, բայց չենք կարծում, որ ներկայումս կարիք կայ այդ մասին բարձրաձայնել: Կան պատճառներ: Գիտենք, որ արբանեակը կայ, գիտենք, որ աշխատում է, գիտենք, որ գործողութիւններ կատարում է: Ովքեր կ’աշխատեն նախագծի հետ, նրանք կ’իմանան», պատասխանեց Մանթաշեան:

«Արմենփրես»-ը նաեւ հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք Հայաստանը կ’աշխատի՞ «գուպսաթներ» արձակելու ուղղութեամբ: Մանթաշեանը պատասխանեց, որ Բարձր Արհեստագիտութեան Արդիւնաբերութեան Նախարարութեան ռազմավարութիւնը դեռ վերջանական հաստատուած չէ, սակայն կրնայ ըսել, որ  «STARMUS»-ի շրջանակներուն մէջ կը ճշգրտուին նախարարութեան առաջնահերթութիւնները:

«Նման նախագծերը պահանջում են պայմաններ, մենք այդ պայմանները պարտաւոր ենք ստեղծել «գուպսաթներ»ի համար եւ ապահովել», ըսաւ Մանթաշեան:

Տիեզերական արհեստագիտութիւններով զբաղող սպանական SATLANTIS-ի համահիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն, գիտնական Խուան Թոմաս Հերնանին իր հերթին նշեց, որ այն ամէնը, ինչ կը նախատեսուի իրականացնել, երկրաժամկէտ գործողութիւններով ծրագիր է:

«Արդէն առաջին քայլը կատարուած է, եւ արբանեակը արձակուած է տիեզերք: Ամէն շաբթուայ կտրուածքով կ’ընենք նախատեսուած գործողութիւնները, որովհետեւ տիեզերական գործունէութիւնը կ’ենթադրէ յստակ ժամանակացոյցով կատարուող քայլարշաւ: Առաջին քայլէն յետոյ ունինք երկարաժամկէտ ծրագիրները, յաջորդ քայլը պիտի ըլլայ, մասնաւորապէս, հայկական արտադրութեան արբանեակներու գործարանի ստեղծումը: Ակնյայտ է, որ այս երկարաժամկէտ եւ մեծածաւալ ծրագիրները պէտք է համադրելի ըլլան մուտքային տուեալներու եւ միջոցներու ներգրաւման հետ», ըսաւ Հերնանին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment