Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ «Սթարմուս»ի Փառատօնի Պաշտօնական Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

«Սթարմուս»ի Փառատօնի Պաշտօնական Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը

by MassisPost

Երէկ տրուեցաւ «Սթարմուս» միջազգային փառատօնին պաշտօնական մեկնարկը: Փառատօնի առաջին օրը տեղի ունեցան տարբեր հանդիպում-դասախօսութիւններ ՀՀ քանի մը բարձրագոյն ուսումնական ահստատութիւններու մէջ, իսկ օրը աւարտեցաւ փառատօնի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ:

«ԵՊՀ-Սթարմուս Նոպէլեան Շաբաթ» դասախօսութիւնը առաջիններէն էր փառատօնի շրջանակին մէջ իրականացուող միջոցառումներէն: ԵՊՀ-ն հիւրընկալած էր Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր աստղաբնագէտ Քիփ Թորնին եւ արուեստագէտ, նկարչուհի Լիա Հալորանին: Անոնք ներկայացուցած են սեւ խոռոչներու վերաբերեալ իրենց ուսումնասիրութիւնները եւ արուեստի դերը գիտութեան զարգացման գործին մէջ:

Փառատօնի շրջանակին մէջ դասախօսութիւններով հանդէս եկան նաեւ` ԹՈՒՄՕ կեդրոնին մէջ «Astronomy» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Տէյվիտ Այքըրը,  Ռուս-հայկական համալսարանին մէջ` աստղաբնագէտ, մոլորակագէտ եւ Հարաւարեւմտեան հետազօտական հիմնարկի Պոլտըր գրասենեակի տնօրէն Ժոէլ Փարքըրը, Ազգային փոլիթեքնիք համալսարանին մէջ` Նակին Գոքսը:

Ընդգծենք, որ այս եւ փառատօնի շրջանակին մէջ կրթական հաստատութիւններուն մէջ տեղի ունեցող միւս դասախօսութիւններուն մուտքը ազատ է:

Երեկոյեան մեկնարկեց «Սթարմուս» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը` աննախադէպ համերգային ծրագրով` Ռիք Ուեյքմանի, Սերժ Թանկեանի, Sons of Apollo մեկախումբի, Անտրէ Մաքարեւիչի, Տիգրան Համասեանի, Քրիս Հետֆիլտի եւ Հայաստանի ազգային ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին մասնակցութեամբ: Համերգի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Սթիվըն Հոքինկի շքանշանի յանձնման հանդիսաւոր արարողութիւնը: Սթիվըն Հոքինկի շքանշանը այս տարի առաջինը շնորհուած է Պրայըն Մէյին գիտութիւնը հանրայնացնելու գործին մէջ ներդրումի համար: Հոքինկի երկրորդ շքանշանը շնորհուած է բանաստեղծ եւ նաթուրալիսթ Տայան Աքերմանին:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment