Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեանը Լաւրովի Հետ Զրոյցին Ընդգծած Է Հայ Գերիներու Շուտափոյթ Հայրենադարձման Անհրաժեշտութիւնը

Միրզոյեանը Լաւրովի Հետ Զրոյցին Ընդգծած Է Հայ Գերիներու Շուտափոյթ Հայրենադարձման Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Սեպտեմբեր 5-ին աշխատանքային այցով Մոսկուա գտնուող ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը հանդիպած է Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան խնդիրներու լայն շրջանակ: Միտքեր փոխանակուած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերու, տարածաշրջանին մէջ տնտեսական եւ ճանապարհային ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման աշխատանքներուն վերաբերեալ:

Հանգամանալից անդրադարձ կատարուած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերող հարցերու:

Արարատ Միրզոյեանը կարեւորած է ռուսական կողմին ջանքերը, այդ շարքին` ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական եւ համապարփակ կարգաւորման:

Կարեւորուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին դերակատարութիւնը` հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարի ամրապնդման եւ սադրանքներու կանխման, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան անվտանգութեան եւ կենսագործունէութեան պայմաններու ապահովման գործին մէջ:

Անդրադառնալով 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրներուն` Արարատ Միրզոյեանը ընդգծած է հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու շուտափոյթ հայրենադարձման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Նախարարներ Միրզոյեանն ու Լաւրովը քննարկած են Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահին` Հայաստան նախատեսուած պետական այցի ու Երեւանի մէջ կայանալիք ՀԱՊԿ Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդի նստաշրջանի կազմակերպման ընթացքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment