Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան, ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Լիլիթ Մակունցի ուղեկցութեամբ այցելած է Քանզաս նահանգին մէջ գործող Սալինայի Ուսումնական Կենդրոն եւ հանդիպած է Ազգային զօրախումբի հրամանատար, զօրավար Տէյվիտ Վեյշարի հետ:
Սուրէն Պապիկեան իր ֆէյսպուքեան էջով գրած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ԱՄՆ նահանգային գործընկերութեան ծրագրի շրջանակին մէջ Հայաստանի եւ Քանզասի միջեւ փոխգործակցութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր:
«Բարձր եմ գնահատել համագործակցութեան ներկայ մակարդակը` ընդգծելով խաղաղապահ առաքելութեան, ռազմական կրթութեան ու վարժանքների, ինչպէս նաեւ ռազմաբժշկութեան ոլորտներում առկայ մեծ ներուժը: Զօրավար Տէյվիտ Վեյշար իր հերթին նշած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնն արդէն տասնամեակներ շարունակ հանդիսանում է Քանզասի աւանդական գործընկերը եւ պատրաստակամութիւն է յայտնել առաւելագոյն ջանք գործադրել երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներում համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ», գրած է նախարարը: