Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Իշխանութիւնները Որեւէ Այլ Բնակավայր «Յանձնելու» Մասին Որեւէ Բանակցութիւն Չեն Տանիր. Տեղեկատուական Շտաբ

Արցախի Իշխանութիւնները Որեւէ Այլ Բնակավայր «Յանձնելու» Մասին Որեւէ Բանակցութիւն Չեն Տանիր. Տեղեկատուական Շտաբ

by MassisPost

Վերջին շրջանին ընկերային ցանցերուն մէջ լուրեր կը շրջանառուին առ այն, թէ իբրեւ ատրպէյճանական կողմին հետ կայ պայմանաւորուածութիւն Ասկերանի շրջանի Իւանեան համայնքն ու Ստեփանակերտ քաղաքի Աջափնեակ թաղամասը «յանձնելու» մասին: Այս մասին կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտաբը:

«Տեղեկացնում ենք, որ նման բնոյթի կեղծ լուրերն ու խօսակցութիւններն իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունեն եւ շրջանառութեան մէջ են դրւում ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնների կողմից` մեր քաղաքացիների մօտ խուճապային տրամադրութիւններ, ինչպէս նաեւ անօգնականութեան, անելանելիութեան, ճնշուած լինելու զգացողութիւններ առաջացնելու եւ Հայրենիքում ապրելու կամքը կոտրելու նենգ նպատակով:

Արցախի իշխանութիւնները Իւանեան համայնքի ու մայրաքաղաքի Աջափնեակ թաղամասի, եւ, առհասարակ, Արցախի Հանրապետութեան որեւէ այլ բնակավայր «յանձնելու» մասին որեւէ բանակցութիւններ չեն տանում: Ընդհակառակը` նրանք օրուգիշեր աշխատում են այս եւ միւս բոլոր համայնքների բնակիչների կենսագործունէութեան բարելաւման նպատակով երկարաժամկէտ եւ հիմնարար լուծումներ մշակելու ու կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:

Յորդորում ենք զերծ մնալ վերոնշեալ եւ ցանկացած այլ բնոյթի ապատեղեկատուութիւն տարածելուց, քանի որ դրանով դուք նպաստում էք թշնամու ծրագրերի իրականացմանը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment