Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԱԺ Նախկին Պատգամաւոր Մեասնիկ Մալխասեանը Արդարացուած Է

ԱԺ Նախկին Պատգամաւոր Մեասնիկ Մալխասեանը Արդարացուած Է

by MassisPost

2008-ի մարտիմէկեան դէպքերէն յետոյ «7-ի գործով» դատապարտուած Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Մեասնիկ Մալխասեանը արդարացուած է:

Որոշումը կայացուցած է Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը: Անոր նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է, գործի վարոյթը կարճուած է յանցակազմի բացակայութեան հիմքով:

Մեղադրող դատախազը հրաժարած է Մալխասեանին առաջադրուած մեղադրանքէն` պատճառաբանելով Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի՝ այս գործերով կայացուած շարք մը որոշումներ: Ըստ մեղադրողին` Եւրոպական դատարանը արձանագրած է, որ մարտիմէկեան ցոյցերը կազմակերպուած չեն եղած, անոնք եղած են ինքնաբուխ եւ հանդիսացած են խօսքի ազատութեան միջոց:

Յիշեցնենք, որ Մալխասեանը կը մեղադրուէր զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment