Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Սիւնիքով Ճանապարհ Կրնանք Տալ Միայն ՀՀ-ի Կողմէ Անձնագրային Եւ Մաքսային Ստուգման Ընթացակարգերով. Էտմոն Մարուքեան

Սիւնիքով Ճանապարհ Կրնանք Տալ Միայն ՀՀ-ի Կողմէ Անձնագրային Եւ Մաքսային Ստուգման Ընթացակարգերով. Էտմոն Մարուքեան

by MassisPost

Ակնյայտ է, որ բարդ քննարկումներ եղած են, բազմաթիւ հարցերու մէջ չէ եղած համաձայնութիւն, հակառակ պարագային անոնք տեղ կը գտնէին Միշէլի յայտարարութեան մէջ: Պարզ է, որ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ բովանդակային քննարկում եւս չէ եղած, միայն  ձեռք բերուած է Նոյեմբերին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Արտաքին Գործերու նախարարութիւններու մակարդակով բանակցութիւնները շարունակելու պայմանաւորուածութիւն: Պետրոս Ղազարեանի  հետ հարցազրոյցին ընդհանուր այսպէս գնահատած է  Ալիեւ-Փաշինեան-Շարլ Միշէլ պրիւքսէլեան  հանդիպումը ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Էտմոն Մարուքեանը:

«Համաձայնութիւն չկայ, բայց կարեւորն այն է, որ կայ գործընթաց, ունենք հնարաւորութիւն` խօսելու խաղաղութեան օրակարգի շուրջ եւ այդպիսով խուսափելու նոր արհաւիրքներից», ընդգծած է ՀՀ յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպանը:

Մարուքեանի դիտարկմամբ` միայն խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ նախատեսուած առարկայական քննարկումներու ընթացքին պարզ պիտի ըլլայ, թէ Ատրպէյճանը ի՞նչ պահանջներ յառաջ կը քաշէ, արդեօք կը վերահաստատէ՞ վեց ամիս առաջ ներկայացուցած փաստաթուղթը, թէ՞ այլ տարբերակ կ’առաջադրէ, ինչպէ՞ս  կը վերաբերին Հայաստանի պատասխան-առաջարկին: «Այնուամենայնիւ, մեր մօտեցումը հետեւեալն է. գնալ խաղաղութեան հնարաւորութեան հետեւից եւ հասնել  դրան,  եւ, ինչպէս նշել է Շարլ Միշէլն իր խօսքում, այդ առումով կարեւոր է, որ երկու երկրների հասարակութիւններին հետեւողականօրէն պատրաստեն խաղաղութեան», նշած է ան:

Անդրադառնալով քննադատութիւններուն, թէ անդրադարձ չկայ Արցախին եւ ոչ ալ ճանապարհային հաղորդակցութիւններու եւ միջանցքի բացման` Մարուքեանը նախ ընդգծած է, որ միջանցքի մասին քննարկում գոյութիւն չունի: «Մենք չենք մտնում միջանցքային տրամաբանութեան որեւէ  քննարկման մէջ: Հայաստանն ասել է, որ պատրաստ է ճանապարհները բացել երեք ուղղութեամբ, եւ արդէն շրջանառութեան մէջ է դրուել երեք անցակէտեր դնելու մասին օրինագիծը: Ինչ վերաբերում է իրենց պատկերացրած ճանապարհին, Հայաստանի մօտեցումը հետեւեալն է. մենք կարող ենք ճանապարհ տալ, ՀՀ օրէնսդրութեան համաձայն, անձնագրային եւ մաքսային ստուգման ընթացակարգերով, բայց Ատրպէյճանն այդ հարցում համաձայնութեան չի գալիս եւ շարունակում է տարբեր հարթակներում ու առիթներով բարձրացնել միջանցքի հարցը, ինչը Հայաստանի համար չի կարող ընդունելի լինել», ըսած է ան:

Ինչ կը վերաբերի Արցախի հարցին անդրադարձի բացակայութեան, Մարուքեանի պարզաբանմամբ, այդ պայմանաւորուած է անով, որ հարցին վերաբերեալ որեւէ  համաձայնութիւն չէ եղած, բայց այն, որ Լեռնային Ղարաբաղի մասին խօսուած է, յստակ նշուած է կառավարութեան հաղորդագրութեան մէջ: «Արցախի հարցը չի կարող չքննարկուել, որովհետեւ դա է էական խնդիրը Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ խաղաղութեան հասնելու հարցում», ընդգծած է  Մարուքեանը:

Հարցին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ, որ Ռուսիան  պրիւքսէլեան հանդիպումը կեղծ որակած է, ան պատասխանած է, որ այդ արդիւնք է ռուս-ուքրանական հակամարտութեամբ պայմանաւորուած Արեւմուտք-Ռուսիա  յարաբերութիւններու կտրուկ սրման, որուն հետ, սակայն, Հայաստանը որեւէ կապ չունի. «Ռուսաստանը տեղեակ է մեր օրակարգից: Հայաստանը  Ռուսաստանի հետ չհամաձայնեցուած, որեւէ գաղտնի օրակարգ չունի եւ նպատակ էլ չունի որեւէ երկրի թիկունքում նրա դէմ բանակցութիւններ վարել:  Զարմանալի է` ինչու է այդպէս արձագանգում Ռուսաստանը, հաւանաբար թերահաւատօրէն է վերաբերւում պրիւքսէլեան հարթակին, բայց եթէ չկայ երկխօսութիւն, մենք ստանալու ենք պատերազմ, լարուածութիւն: Այդ ծիրին մէջ է նաեւ, որ անկախ ստեղծուած իրավիճակից` մենք պնդում ենք, որ Արցախի հարցը պէտք է քննարկուի Մինսքի Խմբի հարթակում», նշած է Մարուքեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment