Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քննարկումը Հեշտ Չէ. Փաշինեանը Մանրամասնութիւններ Յայտնեց Պրիւքսէլի Մէջ Եռակողմ Հանդիպումէն

Քննարկումը Հեշտ Չէ. Փաշինեանը Մանրամասնութիւններ Յայտնեց Պրիւքսէլի Մէջ Եռակողմ Հանդիպումէն

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մանրամասնութիւններ յայտնեց Օգոստոս 31-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումէն: Կառավարութեան նիստին ժամանակ վարչապետը նշեց, որ Պրիւքսէլի մէջ քննարկումը ծաւալուն եղած է:

«Քննարկումը հեշտ չէ, բայց ես ուզում եմ նաեւ արձանագրել, որ մեր նպատակադրումները շարունակում են մնալ եւ պիտի շարունակեն մնալ այնպիսին, ինչի մասին ես յայտարարել եմ», ըսաւ Փաշինեան:

Վարչապետը ընդգծեց, որ ՀՀ կառավարութիւնը որդեգրած է խաղաղութեան օրակարգը, եւ  այստեղ ալ վճռականութիւն անհրաժեշտ է այդ օրակարգը կեանքի կոչելու համար:

«Մենք պէտք է բոլորս հասկանանք, որ դա հեշտ չէ եւ պարզ չէ, եւ հնարաւոր լուծումներն էլ ակնյայտ չեն», յաւելեց Փաշինեան:

Վարչապետը անհրաժեշտ կը համարէ շարունակել հետեւողական աշխատանքը. «Անհրաժեշտութիւն է, եւ ժողովրդի ցանկութիւնն է, որ օր առաջ մեր տարածաշրջանում հաստատուի տեւական եւ համապարփակ խաղաղութիւն: Եւ մենք պէտք է աւելի ու աւելի շատ կեդրոնանանք այս խնդրի լուծման վրայ», եզրափակեց Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment