Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Միքայէլ Արզումանեանին Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

Միքայէլ Արզումանեանին Նոր Մեղադրանք Առաջադրուած Է

by MassisPost

Քննչական Կոմիտէն Միքայէլ Արզումանեանին նոր մեղադրանք առաջադրած է:

Զօրավար-մայորը կը մեղադրուի նաեւ պատերազմի առաջին օրերուն «Արեգա» բարձունքը եւ յարակից մարտական դիրքերը ազատագրած անձնակազմին «նահանջ» հրաման տալու համար, որուն հետեւանքով, ըստ իրաւապահներուն, «հակառակորդը առանց դիմադրութեան յառաջացած եւ վերահսկողութեան տակ վերցուցած է» բարձունքը, յարակից մարտական դիրքերը, ամրապնդած է իր ուժերն ու միջոցները, ուրկէ դիտարկած է տուեալ գօտիին մէջ պաշտպանութիւն իրականացնող ստորաբաժանումներուն խորքը եւ զարգացնելով յաջողութիւնները եւ ունենալով գերիշխող դիրք` գրոհներ իրականացուցած է պաշտպանութեան բնագիծի այլ մարտական դիրքերու ուղղութեամբ, կրակի տակ պահած է յարակից մարտական դիրքերը:

Զինուորական պաշտօնական անփութութեան համար մեղադրուող Արզումանեանը նոր յօդուածով նաեւ իշխանութիւնը չարաշահելու մէջ կը մեղադրուի, ինչ որ աւելի ծանր յանցանք է եւ կը պատժուի 7-13 տարի բանտարկութեամբ:

Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարին աւելի վաղ մեղադրանք առաջադրուած էր Շուշիի եւ յարակից շրջաններու պաշտպանութեան կազմակերպման ընթացքին զինուորածան պաշտօնական անփութութեան համար, ան կալանաւորուած է:

Նախկին բարձրաստիճան զինուորականը, որ այժմ Արցախի նախագահին խորհրդականն է, Պաշտպանութեան բանակի հրամանատար նշանակուեցաւ 2020 թուականի Հոկտեմբեր 27-ին, երբ պատերազմին ընթացքին ծանր վիրաւորուեցաւ Արցախի պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեանը:

Ըստ Քննչական Կոմիտէին` պատերազմի վերջին տասը օրերուն` Արզումանեանը Շուշիի պաշտպանութեան ընթացքին, անփոյթ վերաբերմունք դրսեւորած է իր ծառայողական պարտականութիւններուն նկատմամբ, որուն հետեւանքով հակառակորդին զինուած ուժերը ամբողջութեամբ իրենց վերահսկողութեան տակ վերցուցած են քաղաքն ու մատոյցները, հայկական կողմը ունեցած է զոհեր եւ վիրաւորներ:

Իրաւապահներուն հաղորդմամբ` Արզումանեանը չէ յանձնարարած զօրք տեղակայել Շուշիի պաշտպանական բնագիծի չպահուող հատուածին մէջ այն պարագային, երբ իր ենթակայութեան տակ ունեցած է համապատասխան ներուժ, այդ շարքին` 650 զինուորներէ բաղկացած կանոնաւոր բանակի ստորաբաժանումներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment