Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին Մանտաթը Ոեւէ Մէկը Չէ Չեղարկած. ՀՀ ԱԳՆ

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբին Մանտաթը Ոեւէ Մէկը Չէ Չեղարկած. ՀՀ ԱԳՆ

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահութիւնը ունի միջազգային մանտաթ` աջակցելու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տեւական ու համապարփակ կարգաւորման:

«Արմենփրես»-ի հետ զրոյցին այս մասին ըսաւ ՀՀ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեանը` մեկնաբանելով ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահի նշանակման լուրին Պաքուի արձագանգը:

«Այդ մանդատը ոչ ոք չի չեղարկել», յաւելեց Յունանեանը:

Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 25-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական Քարտուղարութիւնը յայտնած էր, որ  Ֆիլիփ Ռիքըրը նշանակուած է  Կովկասեան բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ: Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը այդ լուրին արձագանգած էր անհեթեթ յայտարարութեամբ, թէ «․․․  գրեթէ չգործող Մինսքի Խումբը վերակենդանացնելու փորձերը կրնան յանգեցնել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացէն ԱՄՆ-ի հեռացման»: Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութենէն յայտարարած էին նաեւ, որ «ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարգաւորուած է»` յաւելելով, որ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորումը ԼՂ հարցի հետ կապելը  «որեւէ կերպով չի նպաստեր այդ յարաբերութիւններու կարգաւորման»:

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը Օգոստոս 26-ին պատասխանած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յայտարարութեան: Համաշխարհային Հանրային Կապերու գրասենեակի (Bureau of Global Public Affairs) փոխխօսնակ Վետանթ Փաթել նշած է, որ ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը Ֆիլիփ Ռիքըրը «Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցով աւագ խորհրդական նշանակած է` ընդգծելու ԱՄՆ-ի յանձնառութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան հաստատման գործին մէջ: «Որպէս երկիր` մենք յանձնառու ենք դիւրացնելու ուղիղ երկխօսութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ երկկողմ, բազմակողմ մակարդակներու վրայ, ինչպէս նաեւ համախոհ գործընկերներու հետ համագործակցութեան միջոցով` հասնելու երկու երկիրներու միջեւ համապարփակ խաղաղ կարգաւորման», նշած է ան:

Փաթել եւս մէկ անգամ յիշեցուցած է, որ այսուհետեւ դեսպան Ռիքըրը պիտի ներկայացնէ ԱՄՆ-ն թէ՛ Մինսքի Խումբին, թէ՛ Ժընեւի միջազգային բանակցութիւններուն մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment