Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրամփի Տան Խուզարկութիւնը Եւ Խիստ Գաղտնի Փաստաթուղթերու Յայտնաբերումը

Թրամփի Տան Խուզարկութիւնը Եւ Խիստ Գաղտնի Փաստաթուղթերու Յայտնաբերումը

by MassisPost

Երկու շաբաթ առաջ Արդարադատութեան Բաժանմունքի (նախարարութեան) յանձնարարութեամբ FBI-ի գործակալները, իրենց ձեռքին ունենալով դատարանի լիազօրագիրը, խուզարկութիւն կատարեցին նախկին նախագահ Տանոլտ Թրամփին պատկանող Մարա-Լակօ զբօսավայր-ակումբէն ներս, ուր ան բնակութիւն հաստատած է պաշտօնի աւատէն ետք:

Իննը ժամ տեւող խուզարկութեան աւարտին FBI-ի անդամները մէկ տասնեակ սնտուկ յաւելեալ փաստաթուղթեր յայտնաբերեցին, որոնց մէջ խիստ գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք կապ ունին Միացեալ Նահանգներու միջուկային զէնքի ծրագիրներուն հետ եւ պէտք է պահուին յատուկ հսկողութեան տակ:

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով նախկին նախագահի մը տան  խուզարկութիւնը մեծ փոթորիկ յառաջացուց երկրէն ներս: Թրամփի   կողմնակիցները այս քայլը կը նկատեն քաղաքական հալածանք: Անոնց ծայրայեղ մասը սպառնալիքներ կը հնչեցնեն  Արդարադատութեան Բաժանմունքի ղեկավարներուն եւ FBI-ի պաշտօնեաներուն դէմ: Անվտանգութեան նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաները Թրամփի վերաբերմունքը կը որակեն վտանգներ պարունակող արարք: Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին, Թրամփի բնակարանին մէջ գտնուած են 300 խիստ գաղտնի փաստաթուղթեր, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն պիտի ներկայացնէին օտար երկիրներու գործակալներուն համար:

Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն ունի օրէնք, որուն համաձայն նախագահի եւ փոխ-նախագահի բոլոր թուղթերը եւ փաստաթուղթերը կը պատկանին Ամերիկացի ժողովուրդին եւ պաշտօնավարման աւարտին պարտադիր պէտք է յանձնուին Ազգային Արխիւին հոն պահուելու համար: Այս օրէնքը սկսած է գործել 1981-էն ասդին եւ անկէ ետք բոլոր նախագահները եւ փոխ-նախագահները յարգած են այդ օրէնքը:

Այս տարուայ Փետրուարին Ազգային Արխիւի բողոքներէն ետք նախկին նախագահը 15 սնտուկ փաստաթուղթեր փոխանցեց Արխիւին, որոնք ան տարած էր իր հետ: Ընդհանուր տպաւորութիւն կար որ, այդպիսով այդ էջը փակուած է եւ ամէն ինչ կարգին է: Սակայն, ըստ երեւոյթին իրականութիւնը այլ պատկեր ներկայացուցած է: Ազգային Արխիւի պաշտօնեաները նկատելով որ, ոչ բոլոր փաստաթուղթերն է որ յանձնուած են նախկին նախագահին կողմէ, դիմած են Արդարադատութեան Բաժանմունք, որ մի քանի անգամ փորձած է Թրամփի փաստաբաններուն հետ բանակցութիւններու միջոցաւ ապահովել բոլոր փաստաթուղթերու վերադարձը, սակայն այդ ջանքերը մնացած են ապարդիւն, ստիպելով դիմել խուզարկութեան ծայրայեղ քայլին եւ  ապահովել անոնց վերադարձը, հոն ուր կը պատկանին:

Սակայն այսպիսով հարցը փակուած չի նկատուիր եւ Արդարադատութեան Բաժանմունքը կը շարունակէ քննութիւն իրականացնել այս հարցով: Դատարանի լիազօրագիրին մէջ կը յիշուի որ, Թրամփ իր արարքով խախտած է լրտեսութեան յօդուածը, արդարադատութիւնը խոչընդոտելու յօդուածը եւ ազգային անվտանգութեան առնչուող տեղեկութիւններուն հետ վարուելու պահանջները:

Թրամփի այս նոր «գլխացաւանքը» կու գայ աւելնալու իր հետ առնչուող մի քանի այլ քրէական գործերուն հետ, որոնց շարքին Յունուար 6-ի Գափիթոլի շէնքի վրայ յարձակումին եւ Ճորճիա նահանգի ընտրական պատասխանատուներուն հետ ունեցած հեռաձայնային խօսակցութեան հետ, որուն ընթացքին Թրամփ կը պահանջէր գտնել յաւելեալ 11700 քուէներ, որպէսզի ան յաղթական հռչակուի այդ նահանգէն ներս: Այս քրէական գործերէն որեւէ մէկով մեղաւոր գտնուլու պարագային Թրամփ կրնայ դատապարտուիլ երկարատեւ բանտարկութեան:

Այս բոլորով հանդերձ, Թրամփ կը պատրաստուի յայտարարելու իր թեկնածութիւնը 2024-ի նախագահական ընտրութիւններուն եւ իրաւունք ունի մասնակցելու նոյնիսկ բանտէն:

Միւս կողմէ սակայն, Թրամփի այս անվերջ խնդիրները սկսած են ազդել Նոյեմբերին կայանալիք` կիսաշրջանի ընտրութիւններուն վրայ: Հանրապետականները, որոնք մի քանի շաբաթ առաջ մեծ յոյսեր ունէին վերատիրանալու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու Տան մեծամասնութեան« այժմ նոյնքան վստահ չեն, յատկապէս Ծերակոյտի պարագային, ուր Թրամփի պաշտպանած թեկնածուները, որոնց շարքին Փենսիլվենիոյ մէջ թրքահպատակ Մեհմատ Օզը, ետ կը մնան իրենց Դեմոկրատ մրցակիցներէն:

Հանրապետականները կը յուսային գալիք ընտրութիւնները վերածելու նախագահ Ճօ Պայտընի մասին հանրաքուէի, մանաւանդ որ անոր ժողովրդականութիւնը կը մնայ 40 տոկոսի շուրջ: Սակայն հեռատեսիլի եւ լրատուական այլ միջոցներու վրայ Թրամփի 24-ժամեայ ներկայութիւնը ընտրութիւնները սկսած է դարձնել  նախկին նախագահին ու անոր ծայրայեղ կողմնակիցներուն մասին հանրաքուէի:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment