Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Սարսանգի Ջրամբարի Փոխշահաւէտ Օգտագործման Հարցը

Արցախի Եւ Ատրպէյճանի Ներկայացուցիչները Քննարկած Են Սարսանգի Ջրամբարի Փոխշահաւէտ Օգտագործման Հարցը

by MassisPost

Արցախի տեղեկատուական շտաբը անդրադարձած է Օգոստոս 22-ին ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հրապարակած տեղեկութիւններուն, որոնց համաձայն, Ատրպէյճանի «Մելիորացիա եւ ջրային տնտեսութիւն» ընկերութեան աշխատակիցները Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ այց կատարած են Սարսանգի ջրամբար:

Տեղեկատուական շտաբէն կ’իրազեկեն, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակին մէջ ջրային միջոցներու կառավարման եւ հանրութեան մատակարարուող խմելու ու ոռոգման ջուրերու անվտանգութեան ապահովման նպատակով Արցախի մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի միջնորդութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Ջրային Կոմիտէի ներկայացուցիչները 2021 թուականէն կը շփուին ատրպէյճանական կողմին հետ եւ պարբերական այցեր կը կատարեն Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող հատուածներ` Հանրապետութեան շարք մը համայնքներուն (այդ շարքին` Ստեփանակերտին) մատակարարուող խմելու եւ ոռոգման ջուրերու օգտագործման շուրջ փոխադարձ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերելու եւ խնդիրներու կարգաւորման համար:

«Այդ շրջանակներում հերթական հանդիպումը կազմակերպուել էր Սարսանգի ջրամբարի մօտ` Սարսանգի ջրերի փոխշահաւէտ օգտագործման հարցի քննարկման նպատակով: Տեղում մտքեր են փոխանակուել ջրային միջոգների բանական օգտագործման հնարաւոր տարբերակների շուրջ` հաշուի առնելով Սարսանգի ջրամբարի հանդէպ Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութիւնը, իսկ ոռոգման ենթակառուցուածքների հանդէպ` ատրպէյճանական վերահսկողութիւնը: Յառաջիկայում քննարկումները կը շարունակուեն եւ որոշումները կը կայացուեն Արցախի Հանրապետութեան շահերից ելնելով` հիմք ընդունելով ե՛ւ ելեկտրականութեան արտադրութեան, ե՛ւ ոռոգման կարիքները Սարսանգի հատուածում, ինչպէս նաեւ խմելու եւ ոռոգման ջրերի հետ կապուած կարիքները Հանրապետութեան այլ հատուածներում», նշուած է տարածուած յայտարարութեան մէջ:

Արցախի տեղեկատուական շտաբէն յայտնած են նաեւ, որ Արցախի իշխանութիւնները որեւէ իրադարձութիւն թաքցնելու նպատակ չեն հետապնդեր, կ’առաջնորդուին բացառապէս Արցախի Հանրապետութեան եւ արցախցիին շահով` ստեղծուած իրավիճակին մէջ նրբանկատօրէն ձեռնարկելով հնարաւոր բոլոր միջոցները` պետութեան եւ հանրութեան անվտանգութեան մակարդակը բարձրացնելու, լարուածութիւն ծնող երեւոյթները չէզոքացնելու ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment