Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Յառաջընթաց Կ’արձանագրէ Օրէնքի Գերակայութեան Եւ Արդարադատութեան Ոլորտին Մէջ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

Հայաստանը Յառաջընթաց Կ’արձանագրէ Օրէնքի Գերակայութեան Եւ Արդարադատութեան Ոլորտին Մէջ. ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի ու իրաւապահ մարմիններու միջազգային բիւրօն (INL)` հրապարակած է Հայաստանին եւ անոր արդարադատութեան ոլորտին վերաբերող համառօտ զեկոյց:

Զեկոյցին մէջ մասնաւորապէս կը նշուի. «Իր անկախութենէն ի վեր Հայաստանը ձգտած է հաւասարակշռելու իր յարաբերութիւնները տարածաշրջանին հետ եւ աւելի սերտ համարկուելու եւրոպական եւ եւրատլանտեան կառոյցներուն` որպէս խորհրդային հիմնարկներու եւ գործելակերպի մնացած ժառանգութիւնը յաղթահարելու միջոց: 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիսին լայնածաւալ բողոքի ցոյցերը, որոնք յայտնի էին որպէս «թաւշեայ յեղափոխութիւն», իշխանութեան բերին նոր կառավարութիւն` բացայայտ հակափտածութեան մանտաթով եւ քրէական արդարադատութեան համակարգը բարելաւելու մեծ ցանկութեամբ` ի տարբերութիւն նախկին փտած, Ռուսիոյ ազդեցութեան տակ գտնուող օլիկարխիկ վարչակարգին: Հայաստանը յառաջընթաց կ’արձանագրէ օրէնքի գերակայութեան եւ արդարադատութեան ոլորտին մէջ բարեփոխումներ սկսելու գործին մէջ` INL-ի աջակցութեամբ, ներառեալ ոստիկանութեան բարեփոխումները, փտածութեան դէմ պայքարը, ֆինանսական յանցաւորութեան դէմ պայքարը եւ մարդու իրաւունքներոգ պաշտպանութեան վրայ շեշտադրումը: Այնուամենայնիւ, զգալի հաստատութենական խնդիրներ կան: Տակաւին շատ քիչ դատաւորներ կան, հինցած օրէնքները քննիչներուն սահմանափակ գործիքներ կը տրամադրեն կուռ գործեր ստեղծելու համար, իսկ կազմակերպութիւնները կը մնան տեղական եւ չեն փափաքիր պաշտպանել սեփական միջոցները»:

Զեկոյցին մէջ նաեւ կը նշուի, որ. «INL-ը կը ձգտի աջակցելու Հայաստանին իր քրէական արդարադատութեան ոլորտին մէջ հաստատութենական փտածութեան դէմ պայքարի գործին մէջ` նոր հակափտածութեան հիմնարկներու համար ամուր հիմքեր ստեղծելու, հայ իրաւապահ մարմինները աշխուժացնելու` միջազգային լաւագոյն փորձին համապատասխանելու եւ ծառայութեան վրայ հիմնուած ոստիկանութեան նոր ձեւաչափ կիրառելու եւ գործիքներ ստեղծելու միջոցով պահպանելու թափանցիկ եւ հաշուետու կազմակերպչական կառոյցներ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment