Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի եւ Վրաստանի Վարչապետներուն Մասնակցութեամբ Պաշտօնապէս Շահագործման Յանձնուեցաւ «Բարեկամութեան» Կամուրջը

Հայաստանի եւ Վրաստանի Վարչապետներուն Մասնակցութեամբ Պաշտօնապէս Շահագործման Յանձնուեցաւ «Բարեկամութեան» Կամուրջը

by MassisPost

Հայաստանի եւ Վրաստանի միջպետական սահմանի Բագրատաշէն-Սադախլօ անցակէտի տարածքին պաշտօնապէս շահագործման յանձնուեցաւ Դեպեդ գետի վրայ կառուցուած նոր կամուրջը: Խորհրդանշական «Բարեկամութիւն» անուանումը ստացած նոր կամուրջի պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու համար երկու կողմէ ժամանած էին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն ղեկավարները:

Հայ-վրացական անցակէտին մէջ տեղի ունեցած դէմ առ դէմ հանդիպումէն յետոյ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին հանդէս եկան մամուլի համար յայտարարութեամբ` շնորհաւորելով միմեանց հայ-վրացական գործընկերային սերտ եւ բազմաբովանդակ համագործակցութիւնը ազդարարող կամուրջի գործարկման առիթով:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ ուրախ է ողջունելու ներկաները հայ-վրացական բազմաբովանդակ համագործակցութիւնը ազդարարող կամուրջի գործարկման միջոցառման:

«Անկասկած, ընդհանուր արժէքների եւ պատմական ժառանգութեան վրայ խարսխուած մեր երկու բարեկամ երկրների դարաւոր կապերն ունեն նման արդիական եւ ժամանակի պահանջներին համահունչ կարեւոր ենթակառուցուածքի կարիք, որն ամուր հենք է ստեղծում մեր հետագայ ծաւալուն համագործակցութեան համար: Առաւել քան համոզուած եմ, որ այսօր առկայ են բոլոր անհրաժեշտ նախադրեալները, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր առաջնայնութիւններին համապատասխան, զարգացնելու եւ խորացնելու եղբայրական Վրաստանի հետ հետագայ յարաբերութիւնները», ըսաւ ՀՀ վարչապետը:

Անոր խօսքով` ներկայիս բարդագոյն մարտահրաւէրներու պայմաններուն մէջ ակնառու աճ արձանագրուած է հայ-վրացական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ, որ համատեղ ու անդադար, շարունակական ու հետեւողական աշխատանքնեու իրագործման արդիւնք է:

«Այդուհանդերձ, հայ-վրացական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններն ունեն առաւել մեծ ներուժ: Համագործակցութեան խորացման լուրջ հնարաւորութիւններ կան արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան, տեղեկատուութեան եւ կապի, փոխադրութեան, ուժանիւթի, զբօսաշրջութեան եւ այլ ոլորտներում: Ակնյայտ է, որ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնների զարգացման համար առանցքային նշանակութիւն ունեն հաղորդակցային ուղիները, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս համարկուիլ համաշխարհային տնտեսութեանը եւ կենսական կապ ապահովել ազգային, տարածաշրջանային եւ միջազգային մակարդակով: Մեր երկկողմ համագործակցութեան ճանապարհային փոխադրութեան ոլորտի առաջնահերթութիւնն ու փոխադրութեան միջազգային մի շարք կառոյցներում փոխգործակցութիւնը, մեզ հնարաւորութիւն են ընձեռում իրատեսական քայլեր ձեռնարկել ոչ միայն Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան միջանցքի, այլ նաեւ փոխադրութեան ոլորտի հանգուցային կապ ապահովող այլ նախաձեռնութիւններում: Լիայոյս եմ, որ առաւել աշխոյժ աշխատանքների իրականացման եւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնների համադրման ու կեանքի կոչման ճանապարհով արդէն իսկ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած եւ այլ շահագրգիռ կողմերի ներգրաւումը կը նպաստի տարածաշրջանային հեռանկարային համագործակցութեանը», ընդգծեց Փաշինեան:

Վարչապետը գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ կանոնաւոր ուղեւորափոխադրումներ կ՛իրականացուին թէ՛ ցամաքային, թէ՛ օդային ուղիներով: Ինչ կը վերաբերի բեռնափոխադրումներուն, անհրաժեշտ է յաւելեալ ջանքեր գործադրել եւ համատեղ շարունակական աշխատանքներ իրականացնել անոնց աւելի դիւրին շարժը ապահովելու համար: Այս ծիրին մէջ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց նաեւ երկաթուղային փոխադրութեան համագործակցութեան եւ բազմաձեւ, մասնաւորապէս` լաստանաւային փոխադրումներու ընդլայնման կարեւորութիւնը:

Հայաստանի համար Վրաստանը, որպէս տարանցիկ երկիր, մեծ դեր ունի ուժանիւթի աղբիւրներու, կապի եւ հեռահաղորդակցութեան յուսալի եւ անվտանգ մատակարարման առումով: Համագործակցութեան արդիւնաւէտ մեծ փորձ կայ ուժանիւթի ոլորտին մէջ: Նշուած, ինչպէս նաեւ կիպերանվտանգութեան ապահովման ուղղութեամբ առօրեայ եւ հետեւողական աշխատանք պէտք է իրականացուի համապատասխան գերատեսչութիւններու եւ կառոյցներու կողմէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment