Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հայ Մը Նշանակուած Է Վարչական Շրջանի Ղեկավար

Թուրքիոյ Հանրապետութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հայ Մը Նշանակուած Է Վարչական Շրջանի Ղեկավար

by MassisPost

2021 թուականի վարչական շրջանի ղեկավարի համար կայացուած քննութիւնը յանձնելէ եւ հարցազրոյցը յաջողութեամբ անցնելէ յետոյ, ազգութեամբ հայ Պերք Աճարը նշանակուած է Թուրքիոյ Տենիզլի նահանգի կազմին մէջ գտնուող Պապատաղ վարչական շրջանի ղեկավար եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի անցնի պարտականութիւններու կատարման:

Այս մասին կը յայտնէ թրքական aynahaber.net-ը:

Պերք Աճարը առաջին հայն է, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան մէջ դարձած է վարչական շրջանի ղեկավար:

Պապատաղի արդէն նախկին ղեկավար Ատէմ Քարաթաշը Օգոստոս 16-ին պաշտօնապէս թողած է աշխատանքն ու հրաժեշտ տուած է շրջանին:

1995 թուականին Սթամպուլ ծնած Պերք Աճարը ուսանած է Սահակեան Նունեանի անուան հայկական միջնակարգ եւ «Լոյս» աւագ դպրոցները: 2020 թուականին աւարտած է Պիլկի համալսարանի իրաւաբանական բաժինը, փաստաբանական փորձառութիւնը կատարած է Շիշլի թաղամասին մէջ գործող փաստաբանական գրասենեակին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment