Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնական Այցով Կը Գտնուի Ռուսիա

ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարը Պաշտօնական Այցով Կը Գտնուի Ռուսիա

by MassisPost

Պաշտօնական այցով Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ գտնուող ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է մերձմոսկովեան «Փաթրիոթ» կեդրոն: Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է Սուրէն Պապիկեանի Ֆէյսպուքի պաշտօնական էջով:

Հրապարակման մէջ նշուած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը «Փաթրիոթ» կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուած է «Միջազգային բանակային խաղեր 2022» մրցաշարքի եւ «Բանակ 2022» ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն:

Սուրէն Պապիկեանը շրջած է ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած ընկերութիւններու տաղաւարներուն, ծանօթացած է ռազմարդիւնաբերութեան շարք մը նորագոյն նմուշներու, հանդիպումներ ունեցած է մեծ ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ, քննարկած է ռազմական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment