Պաշտօնական այցով Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ գտնուող ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելած է մերձմոսկովեան «Փաթրիոթ» կեդրոն: Այս մասին տեղեկութիւնը հրապարակուած է Սուրէն Պապիկեանի Ֆէյսպուքի պաշտօնական էջով:
Հրապարակման մէջ նշուած է, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը «Փաթրիոթ» կեդրոնին մէջ ներկայ գտնուած է «Միջազգային բանակային խաղեր 2022» մրցաշարքի եւ «Բանակ 2022» ռազմարդիւնաբերական ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն:
Սուրէն Պապիկեանը շրջած է ցուցահանդէսին մէջ ներկայացուած ընկերութիւններու տաղաւարներուն, ծանօթացած է ռազմարդիւնաբերութեան շարք մը նորագոյն նմուշներու, հանդիպումներ ունեցած է մեծ ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ, քննարկած է ռազմական համագործակցութեան առնչուող շարք մը հարցեր: