Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Չաւուշօղլու․ «Հայաստանը Պիտի Քիչ Մը Աւելի Վճռական Ըլլայ Ու Հրաժարի Ձգձգելու Մարտավարութենէն»

Չաւուշօղլու․ «Հայաստանը Պիտի Քիչ Մը Աւելի Վճռական Ըլլայ Ու Հրաժարի Ձգձգելու Մարտավարութենէն»

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ելոյթ ունեցած է Դեսպաններու 13-րդ համաժողովի փակման արարողութեան եւ պատասխանած է լրագրողներու հարցումներուն:

Հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` ան նշած է, որ Երեւանի հետ ծաւալող գործընթացին մէջ Ատրպէյճանի հետ համակարգելով իրենք կը գործեն:

Ըստ անոր` Հարաւային Կովկասի մէջ կարգաւորման մասին իրարմէ անջատ հնարաւոր չէ մտածել: Քայլերը պիտի միասին ձեռնարկել:

«Թէեւ կարգաւորման գործընթացին մէջ մեր երկխօսութիւնը երկկողմ է, բայց ամբողջ Հարաւային Կովկասի կայունութեան համար բոլորս պէտք է քայլ ընենք:

Այս հարցով Հայաստանը քիչ մը աւելի վճռական, քիչ մը աւելի խիզախ պէտք է ըլլայ: Պէտք է հրաժարի ձգձգելու/շեղելու մարտավարութենէն: Թուրքիան այս հարցով անկեղծ է, Հայաստանն ալ պէտք է անկեղծ ըլլայ: Մենք կը տեսնենք, որ Ատրպէյճանը նոյնպէս անկեղծ է»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment