Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Խաղաղապահներու Հասցէին Հնչող Առանձին Քննադատութիւնները Արդարացի Չեն․ ՌԴ ԱԳՆ-ին Պատասխանը` Հայկական Կողմին

Խաղաղապահներու Հասցէին Հնչող Առանձին Քննադատութիւնները Արդարացի Չեն․ ՌԴ ԱԳՆ-ին Պատասխանը` Հայկական Կողմին

by MassisPost

Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ ուշադրութեան կեդրոնին է: Այդ մասին ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ մամուլի բաժանմունքի ղեկավարի տեղակալ Իւան Նեչաեւը` «Լուրեր»-ու հարցին ի պատասխան:

«Օգոստոս 4-ին Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակի սրման հետ` կոչ ընելով երկու կողմերուն` ցուցաբերելու զսպուածութիւն, պահպանելու զինադադարի պահպանման կարգը: Կը վերահաստատենք բոլոր հարցերու կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը` Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի ու Հայաստանի ղեկավարներու 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի, 2021-ի Յունուար 11-ի եւ Նոյեմբեր 26-ի եռակողմ յայտարարութիւններուն համապատասխան: Այդ կը վերաբերի նաեւ Լաչինի միջանցքի իրավիճակին, որ պէտք է կարգաւորուի 2020-ի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան 6-րդ կէտով, որ կը նախատեսէ, որ կողմերուն համաձայնեցմամբ` մօտակայ երեք տարուան մէջ պէտք է որոշուի Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը ապահովող Լաչինի միջանցքով նոր երթուղիի կառուցման ծրագիրը, որուն պէտք է յաջորդէ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան վերատեղակայումը` այդ երթուղին պաշտպանելու համար», ըսած է Նեչաեւը:

Դիւանագէտը նշած է. ռուսական կողմը մշտական կապի մէջ է հայկական ու ատրպէյճանական կողմերուն հետ: Նեչաեւը յիշեցուցած է Օգոստոս 2-ին եւ 8-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռախօսազրոյցներուն, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի` հայ եւ ատրպէյճանցի գործընկերներու հետ շփումներուն մասին:

«Բոլոր վերոնշեալ հարցերը, այդ շարքին` Լաչինի միջանցքին հարցը խորհրդակցութիւններու առարկայ են` ատրպէյճանական ու հայկական կողմերը գոհացնող լուծումներ գտնելու նպատակով», յայտնած է դիւանագէտը` նշելով, որ քննարկումներուն մանրամասնութիւնները չի կրնար յայտնել:

Անդրադառնալով ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան գործունէութեան` Նեչաեւ նշած է. խաղաղապահներու հասցէին հնչող առանձին քննադատութիւնները արդարացի չեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment