Նախկին գլխաւոր դատախազ Աղուան Յովսէփեանը 100 միլիոն դրամ գրաւի դիմաց ազատ պիտի արձակուի, որոշումը կայացուց դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը:
Արդէն մօտ մէկ տարիէ կալանաւորուած Յովսէփեանի փաստաբանները կը պնդէին, որ շարք մը հիւանդութիւններ, այդ շարքին` ծանր շաքարախտ ունեցող պաշտպանեալը անյապաղ պէտք է ազատ արձակուի` անոր հիւանդութիւնը անհամատեղելի է կալանաւորման հետ:
69-ամեայ Աղուան Յովսէփեանը կը մեղադրուի առեւտրային գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու, առանձնապէս մեծ չափերով կաշառք ստանալու, դրամի լուացման համար:
Յովսէփեանը 2004-2013 թուականներուն ղեկավարած է Գլխաւոր Դատախազութիւնը, յետոյ ալ մինչեւ 2018-ի յեղափոխութիւնը` չորս տարի Քննչական Կոմիտէի նախագահն էր: 2018-ին` Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին յաջորդ օրը, Յովսէփեան ըսած էր, որ պիտի աշխատի նոր իշխանութեան հետ, բայց երկու ամիս անց ան հրաժարական ներկայացուց: