Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հոկտեմբերին Պիտի Կատարուի Անկախ Հայաստանի 3-րդ Մարդահամարը

Հոկտեմբերին Պիտի Կատարուի Անկախ Հայաստանի 3-րդ Մարդահամարը

by MassisPost

Հոկտեմբեր 13-էն 22 Հայաստանի մէջ պիտի կատարուի մարդահամար, պիտի ծախսուի մօտ 1,5 միլիառ դրամ:

Սա անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ երրորդ մարդահամարն է: Հարցաթերթիկները առաջին անգամ պիտի ըլլան ելեկտրոնային տարբերակով, այն պիտի տեւէ 10 օր, արդիւնքները պատրաստ պիտի ըլլան 1 տարիէն:

Վիճակագրական Կոմիտէի մարդահամարի գործառնական վարչութեան պետ Վարդան Գէորգեան «Ազատութեան» փոխանցեց, որ Քովիտի պատճառով մարդահամարը 2 անգամ յետաձգուած է: Այս տարի առաջին անգամ մարդահամարին համար պիտի օգտագործուի համակցուած մեթոտը:

«Օգտուելու ենք պետական արձանագրութիւնից, եւ 25 տոկոս ընտրանքում հարցմունք է կատարուելու, ելեկտրոնային հարցաթերթեր են լրացուելու` պլանշեթի միջոցով: Դա նոր է մեզ մօտ: Նախկինում թղթային հարցաթերթեր են լրացուել եւ համատարած բոլոր տնտեսութիւններ հաշուարարն այցելել է, բայց հիմա 25 տոկոսը ընտրանքը կատարուել է ինքնաբերաբար կերպով` համակարգչի միջոցով իւրաքանչիւր բնակավայրի, կարելի է ասել, ամէն չորրորդ տնային տնտեսութիւնը», ըսաւ Գէորգեանը:

Ըստ օրէնքի` մարդահամար տեղի կ’ունենայ իւրաքանչիւր տասը տարին մէկ, ասկէ առաջ Հայաստանի մէջ կատարուած են 2001 եւ 2011 թուականներուն:

Հարցաթերթիկին մէջ պիտի ըլլան նաեւ անհատական հարցեր` անուն-ազգանուն, ծննդեան օր եւ այլն: Պիտի հարցնեն քաղաքացիութեան երկիրը, քաղաքացիութեան երկրորդ երկիրը, գոյութեան միջոցի հիմնական աղբիւրները: Պիտի հետաքրքրուին նաեւ, թէ հարցման պահին մշտապէս ուր կը գտնուին տան անդամները:

«Եթէ ճիշդ պատասխանի, ճիշդ գրենք, արդիւնքները ճիշդ կը ստանանք: Շեղումներ կարող են լինել, առաջին անգամ ենք անում մենք համակցուած մեթոտով, որոշ շեղումներ կը լինեն վարչական արձխանագրութեան եւ մեր ստացած տուեալների մէջ, կապուած, որ վարչական արձանագրութեան զուտ գրանցուած անձինք են, իսկ մենք հաշվառում ենք փաստացի բնակուողներին», ըսաւ Գէորգեան:

Կան հարցեր նաեւ կրթութեան, առողջութեան, աշխատանքի, բնակարանային պայմաններու, ամուսնական կարգավիճակի, զբաղմունքի եւ այլնի վերաբերեալ:

Քաղաքացին ընդհանուր առմամբ 39 հարցումի պիտի պատասխանէ: Օրէնքը կը սահմանէ, որ հարցումներուն պէտք է պարտադիր պատասխանեն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment